ԿԱԼԱԹԱՍԱՐԱՅ ԱԿՈՒՄԲԻ ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԿՂԶԻԻՆ ՀԱՄԱՐ ԴԱՏԱԿԱՆ ԴԻՄՈՒՄ

Կա­լա­թա­սա­րայ մար­զա­կում­բին պատ­կա­նող Գու­րու­չէշ­մէի կղզիի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին շուրջ ներ­կա­յիս կ՚ապ­րուի վէճ մը, ո­րու բե­րու­մով կա­տա­րուած է նաեւ դա­տա­կան դի­մում մը։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Էլ­փի­տա Ֆրան­քո­փո­լոս դատ բա­ցած է Պե­տա­կան գան­ձին դէմ, որ ան­ցեա­լի մէջ կղզիին տի­րա­ցած էր ա­ռանց ա­պա­սե­փա­կա­նաց­ման։ Ե­րեք բա­ժին­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ այս կղզիի եր­կու բաժ­նի մէկ քա­ռոր­դին բաժ­նե­տէ­րին ժա­ռան­գոր­դը կը հա-­մա­րուի Ֆրան­քո­փո­լոս, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ զգու­շա­ցու­ցած է նաեւ Կա­լա­թա­սա­րայ մար­զա­կում­բը։

Հարկ է նշել, թէ 1872-ին այս կղզին Սուլ­թան Ապ­տիւ­լա­զի­զի կող­մէ նուի­ր-ւած է ար­քու­նի ճար­տա­րա­պետ Սարգիս Պա­լեա­նին, որ եր­կու տա­րի վերջ այն­տեղ հիւ­րըն­կա­լած էր աշ­խար­հահռ­չակ ծո­վան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քին։

Շաբաթ, Մարտ 7, 2015