ՈՉ-ԻՍԼԱՄՆԵՐՈՒ ԶՏՈՒՄԸ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
«Կալերի Պիրզամանլար»ի եւ «Նոսթալժի» մշակոյթի կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ կայացաւ գրող-ընթերցող հանդիպում մը՝ Տողան Չեթինքայայի հետ։ Ձեռնարկը կայացաւ «Ոչ-իսլամներու տնտեսական կեանքէն դուրս ձգուիլը» խորագրով։ Տողան Չեթինքայա վերջերս այս նիւթով հրատարակած էր «Իսլամացնել Օսմանեան կայսրութիւնը» խորագրով հատոր մը եւ այս ձեռնարկի առանցքը կազմեց նշեալ գիրքը։ Ան հեղինակած է նաեւ «1908․ Օսմանեան պոյքոթը․ ժողովրդական շարժումի մը քննութիւնը» հատորը։
Բարի գալստեան խօսք մը արտասանեց Օսման Քէօքէր, որ ըսաւ, թէ այս հատորները բաւական հետաքրքրական են երկրի պատմութիւնը ներկայացնելու տեսակէտէ։ Ապա արտայայտուեցաւ Չեթինքայա, որ մեկնելով իր երկու գիրքերէն, խօսեցաւ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն դէպի հայոց ցեղասպանութիւնը տանող ժամանակաշրջանին մասին, երբ բազմաթիւ տնտեսական պոյքոթներու կ՚ենթար-կըւէին ոչ-իսլամ հաւաքականութեանց ներկայացուցիչները, յատկապէս յոյները։ Պալքանեան պատերազմէն ետք այս վիճակը աւելի խստացած է։ 1914-էն ետք պոյքոթները կը նուազին թէեւ, սակայն պատերազմի պայմաններուն մէջ շատ աւելի ընդարձակ միջոցներով կը ճնշուին ոչ-իսլամ հասարակութիւնները։
Հարցուպատասխանով եզրափակուեցաւ այս շահեկան հանդիպումը։