Երկուշաբթի 2, Դեկտեմբեր 2024
ՃԱՆԵԼԻԾԷԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԸ
Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Ճանելիծէ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու՝ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հրաւէրին ընդառաջ։ Կը հաղորդուի, որ վրացի նախարարը Պաքուի մէջ կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատովի, Վարչապետ Արթուր Ռասիզատէի կողմէ եւ բանակցութիւններ կը վարէ իր պաշտօնակցին՝ Էլմար Մամէտեարովի հետ։
Հանդիպումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2016