ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԹԵՀՐԱՆ ԱՅՑԸ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ։ Իրանի ղեկավարութեան կողմէ ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ եւ բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան այն բոլոր խնդիրները, որոնք ներկայիս կը զբաղեցնեն երկու երկիրներու համատեղ օրակարգը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա եւ Իրան Սուրիոյ ճգնաժամին կապակցութեամբ նոյն բեւեռին մէջ չեն, հետեւաբար ներկայ նուրբ հանգրուանին անոնց միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւնները միջազգային բեմահարթակի վրայ արժանացան անմիջական ուշադրութեան։
Թեհրանի մէջ Տավուտօղլու պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորուեցաւ Իրաքի առաջին փոխ-նախագահ Իսաք Ճիհանկիրիի կողմէ։ «Սատապատ» պալատէն ներս տեղի ունեցած դիմաւորումէն վերջ Տավուտօղլու եւ Ճիհանկիրի ունեցան առանձնազրոյց մը, գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Թեհրանի մէջ Տավուտօղլու հիւրընկալուեցաւ նաեւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ։ 1 ժամ 45 վայրկեան տեւեց այս դռնփակ տեսակցութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆ։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Տավուտօղլու Թեհրանի մէջ յայտնեց, թէ Թուրքիա եւ Իրան թէեւ ունին տարբեր համոզումներ, սակայն տարածքաշրջանի հակամարտութիւններու կասեցման ուղղութեամբ անոնց կողմէ հասարակաց հեռանկարի մը ձեւաւորումը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ «Մեր տարածքաշրջանի ճակատագիրը պէտք չէ թողունք տարածքաշրջանէ դուրս դերակատարներու։ Բոլորին ծանօթ է, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի յարաբերութիւնները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն՝ տարածքաշրջանէ ներս մշտական կայունութեան, խաղաղութեան ու անդորրութեան հաստատման տեսակէտէ։ Դժուար օրերուն մենք Իրանի հետ միասին էինք։ Յառաջիկայ շրջանին ալ մեր միասնական աշխատանքը պիտի ըլլայ ի նպաստ թէ՛ երկու երկիրներուն եւ թէ ամբողջ տարածքաշրջանին», ըսաւ Տավուտօղլու։
Թեհրանի մէջ վարչապետը մատնանշեց, որ երկու երկիրներու մէջ մօտաւոր անցեալին աւարտած ընտրութիւններուն յաջորդած է իր այցելութիւնը, ինչ որ նոր շրջանի մը սկիզբը կը համարուի։ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ապահովուած համաձայնութեան զուգահեռ՝ անոր դէմ սահմանուած միջազգային պատժամիջոցներու ջնջուելուն կապակցութեամբ թրքական կողմի գոհունակութիւնը կրկնելով՝ վարչապետը շեշտեց, թէ այս առումով ամենամեծ ուրախութիւնը ապրած երկիրը եղած է Թուրքիան։ Կարգ մը նիւթերու շուրջ երկու երկիրները որքան որ ալ ունենան տարբեր մօտեցումներ՝ չեն կրնար փոխել պատմութիւնն ու աշխահագրութիւնը։ «Այս պատմութիւնը վաղեմի հարեւանութեան մը պատմութիւնն է», ըսաւ Տավուտօղլու եւ աւելցուց, թէ Իրան Թուրքիոյ տեսակէտէ դուռ մըն է դէպի Ասիա, իսկ Թուրքիա Իրանին համար դուռ մըն է դէպի Եւրոպա։ Հետեւաբար, երկու երկիրները զիրար կը փոխլրացնեն։
Տավուտօղլու Թեհրանի մէջ մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիա-Իրան գործարար ֆորումին։ Այս առթիւ ան արտայայտեց այն համոզումը, թէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ այլեւս զգալի դարձած է՝ մտայնութեան շահապաշտ փոփոխութեան մը կարիքը։
Անդրադառնալով Սուրիոյ ճգնաժամին՝ Տավուտօղլու շեշտեց, որ արիւնահեղութեան կասեցման համար քաղաքական բանակցութիւններու սկսիլը պիտի ստեղծէ ամուր գետին մը։ Կարեւորելով Սուրիայէ ներս հրադադարի տեւականացումը՝ վարչապետը ընդգծեց, որ Թուրքիա եւ Իրան համապատասխան նախաձեռնութիւններով հանդէս պիտի գան այն կողմերուն մօտ, որոնց վրայ կրնան ազդեցութիւն բանեցնել։ Տավուտօղլուի խօսքերով, Թուրքիա, Իրան ու վստահաբար տարածքաշրջանի միւս երկիրները ունին հասարակաց մօտեցում մը՝ Սուրիոյ տարածքաշրջանային ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի շաբաթավերջին յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Սուրիոյ ճգնաժամին կապակցութեամբ։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կողմնակից չէ Սուրիոյ մէջ քիւրտերու համար ինքնավար շրջանի մը ստեղծման։ «Առանց դաւանանքի խտրականութեան, Սուրիան կ՚ընդունինք որպէս ամբողջ մը», յայտարարեց Քըրպի։
ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ
Մինչ այդ, Սուրիոյ Մարդու իրաւանց դիտարկման կազմակերպութիւնը, որու կեդրոնը կը գտնուի Անգլիոյ մէջ, տուեալներ հրապարակեց հրադադարի գործադրուած ժամանակաշրջանին ստեղծուած իրադրութեան մասին։ Այսպէս, հրադադարի առաջին շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ 687 հոգի մահացած է։ Այդ զոհերուն 552-ը մահացած է այն շրջաններէն ներս, ուր հրադադարը չի գործադրուիր։ Մնացեալ 135-ը մահացած է այն շրջաններէն ներս, ուր հրադադար գոյութիւն ունի։