ՎՈՍՓՈՐԻ ԵՐՐՈՐԴ ԿԱՄՈՒՐՋԸ

Իս­թան­պու­լի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ու պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Այս­պէս, Վոս­փո­րի Եւ­րո­պա­կան ու Ա­սիա­կան ա­փե­րը միա­ցան եր­րորդ ան­գամ։ Վոս­փո­րի եր­րորդ կա­մուր­ջին ճա­նա­պար­հա­յին վեր­ջին հա­տուա­ծը զե­տե­ղուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու։ 

«Եա­վուզ Սուլ­թան Սե­լիմ» կո­չուած այս կա­մուր­ջը աշ­խար­հի ա­մե­նա­լայ­նը կը հան­դի­սա­նայ իր տե­սա­կին մէջ։ Ան ու­նի 60 մեթր լայնք եւ իր վրա­յով կ՚անց­նի նաեւ եր­կա­թու­ղի մը։ 

Նա­խա­գա­հին եւ վար­չա­պե­տին ա­ռըն­թեր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան բազ­մա­թիւ նա­խա­րար­ներ, բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­կալ­ներ, Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալն ու գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տը։ Իր ե­լոյ­թին մէջ Էր­տո­ղան դի­տել տուաւ, թէ նման ծրագ­րեր կեան­քի կրնան կո­չել միայն ա­նոնք, ո­րոնք ու­նին լայն մտա­հո­րի­զոն։ 
Այս եր­րորդ կա­մուր­ջը այժ­մէն կը դա­սուի ար­դի Թուր­քիոյ խորհր­դան­շան­նե­րու շար­քին։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2016