«ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ» ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժինը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց, որ ձեռնամուխ կ՚ըլլայ կրթական նոր աշխատանոցի մը՝ «Զարմանազան» անունով։ Այս վերջինը հիմնարկի արեւմտահայերէնի զարգացման ուղղեալ հնգամեայ ծրագրին մաս կը կազմէ։ «Զարմանազան»ը կը նախատեսէ համատեղել երկու նախագծեր, որոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Առաջինն է ամառնային ճամբար մը, որ նախատեսուած է 10-15 տարեկան պատանիներու համար։ Լիոնի «Հազարումէկ աշխարհ» ընկերակցութեան հետ գործակցաբար կեանքի պիտի կոչուի այս ծրագիրը, որով պիտի կազմակերպուի ամառնային ճամբար մը։ Նպատակն է՝ զուարճալի եւ ստեղծագործական միջավայրի մը մէջ խրախուսել արեւմտահայերէնի գործածութիւնը։ Նոյն ծիրին մէջ նախատեսուած է նաեւ կրթական մշակներու վերապատրաստման դասընթացք մը։ Կազմակերպիչները այս մէկը կոչած են՝ Սփիւռքի ներկայ եւ ապագայ արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն ուղղեալ արհեստագիտական վարժընթաց։ Ծրագրի այս ճիւղը պիտի իրականացուի գործակցութեամբ՝ INALCO-ի (Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառ)։ Իւրաքանչիւր մասնակցին կողմէ տարուած աշխատանքը պիտի վաւերացուի համալսարանական վկայականով մը։
Ամառնային ճամբարին մասնակից մանուկներն ու պատանիները 25 օրերու տեւողութեան՝ փորձառու 15 ուղեկիցներու հետ պիտի ապրին ներշնչող մթնոլորտի մը մէջ։ Անոնք պիտի գտնուին այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր պիտի հնչէ միայն արեւմտահայերէնը։ Այսպէս, անոնք պիտի ստեղծագործեն, պիտի յայտնաբերեն, պիտի սորվին ու պիտի զուարճանան զանազան աշխատանոցներու ձեւաչափին մէջ (երաժշտութիւն, պար, թատրոն, գեղարուեստ)։ Մարզախաղեր ալ նախատեսուած են անոնց համար։ Այս բոլորին ընդմէջէն՝ լեզուն վերջապէս պիտի դառնայ հաղորդակցութեան եւ ստեղծագործութեան բնական միջոց մը։ «Զարմանազան» ճամբարը պիտի մատուցէ ներգործութիւններու տարածք մը, ուր բոլոր մասնակիցները իրարմէ սորվելու եւ ընկերային կապեր հաստատելու առիթը պիտի ունենան՝ ապրելով եզակի ու հարստացնող փորձառութիւն մը։ Այս ճամբարը բաց պիտի ըլլայ սփիւռքահայ բոլոր մանուկներուն ու պատանիներուն համար։ Միայն 40 երախայի համար նախատեսուած ծրագիր մըն է այս մէկը։ Ճամբարի մասնակիցներէն պիտի չպահանջուի հայերէնի իմացութիւնը։ Ճամբարի վայրը պիտի ըլլայ՝ Ֆրանսայի Լա Պուրպուլ գիւղաքաղաքը։ Նորարար ամառնային «Զարմանազան» ճամբարը 10-15 տարեկան պատանիներու համար հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ արեւմտահայերէնով թափանցելու՝ ստեղծարար ու զուարճալի աշխարհ մը։ Ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան ու մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ։
Ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրը նախատեսուած է 15 կրթական մշակներու համար, որոնք պիտի հետեւին խտացեալ ուսումնակրթական ծրագրի մը։ Այս նախագիծը կ՚ընդգրկէ գործնական վարժընթաց մը եւ մասնագիտական դասախօսութիւններ, նորագոյն մանկավարժական մօտեցումներու եւ միջոցներու կիրարկումնով։
Արձանագրութեան դիմումներուն համար որպէս վերջնական ժամկէտ նախատեսուած է Մարտի 25-ը։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հաստատուած է նաեւ կայքէջ մը՝ www.zarmanazan.com։