Ե­թով­պա­հայ Ե­րաժշ­տա­գէտ Ներ­սէս Նալ­պան­տեա­նին Նուի­րուած Նուա­գա­հան­դէս

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հայ մշակոյ­թի բա­րե­կամ­նե­րու հիմ­նար­կին (Friends of Armenian Culture Society), Ո­ւո­թըր­թաու­նի, Մա­սա­չու­սեց, «Մով­սէ­սեան» սրա­հին մէջ հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­թով­պա­հայ ե­րա­ժիշտ Ներ­սէս Նալ­պան­տեա­նի յի­շա­տա­կին նուի­րուած նուա­գա­հան­դէս մը:

Ձեռ­նար­կին բա­ցու­մը կա­տա­րեց հիմ­նար­կի գոր­ծա­վար Ար­մի­նէ Միր­զա­բէ­կեան, որ իւ­րա­յա­տուկ նկա­տեց սոյն հան­դի­սու­թիւ­նը՝ շեշ­տե­լով ե­րա­ժիշտ Ներ­սէս Նալ­պան­տեա­նի՝ Ե­թով­պիոյ ե­րաժշ­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս ու­նե­ցած ներդ­րու­մը: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Նա­լա­պան­տեա­նի ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն, ո­րոնք ժա­մա­նած էին Մոնթ­րէա­լէն, Թո­րոն­թո­յէն եւ Օ­հա­յո­յէն, ներ­կայ ըլ­լա­լու այս հան­դի­սու­թեան:

Շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քով ե­լոյթ մըն ալ ու­նե­ցան Նալ­պան­տեա­նին զա­ւա­կը՝ Յա­րութ Նալ­պան­տեան։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ներ­կա­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս Ար­մի­նէ Միր­զա­բէ­կեա­նին, որ քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ պա­տահ­մամբ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ, երբ «թաք­սի»ով կը մեկ­նէր հան­դի­պու­մի մը, ե­թով­պա­ցի վա­րոր­դին հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, ի յայտ ե­կած էր, թէ Նալ­պան­տեան մեծ հռչակ ու­նէր էր, իր բնա­կած երկ­րէն ներս:

Իսկ օ­րո­ւան բա­նա­խօսն էր Պո­րիս Ա­ճէ­մեան, որ ժա­մա­նած էր Փա­րի­զէն, փո­խան­ցե­լու հա­մար յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ Ներ­սէս Նալ­պան­տեա­նի մա­սին:

Ան տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ներ­սէս Նալ­պան­տեան ծնած է Այն­թապ, 1915 թո­ւա­կա­նին։ Ա­նոր ըն­տա­նի­քը կրցած է խոյս տալ Մեծ ե­ղեռ­նէն, փո­խադ­րո­ւե­լով Հա­լէպ: Ե­րաժշ­տու­թիւն ու­սա­նած եւ դա­սա­ւան­դած Ներ­սէս իր հօ­րեղ­բօր՝ Գէոր­գի ցուց­մունք­նե­րուն հե­տե­ւե­լով, 1938 թո­ւա­կա­նին գաղ­թած է Ե­թով­պիա, ղե­կա­վա­րե­լու հա­մար կայ­սեր՝ Հայ­լէ Սե­լա­սիէի «Քա­ռա­սուն մա­նուկ­ներ» (Arba Lijoch) խում­բը, յատ­կա­պէս բաղ­-կա­ցած փո­ղա­հար­նե­րէ:

1924 թո­ւա­կա­նին, Ե­րու­սա­ղէմ այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ կայ­սեր Հայ­լէ Սե­լա­սիէ, ըն­բոշխ­նած էր այս քա­ռա­սուն որ­բե­րուն ե­րա-ժըշ­տու­թիւ­նը եւ տպա­ւո­րո­ւած ու ո­րո­շած էր որ­դեգ­րել զա­նոնք:

Պո­րիս Ա­ճէ­մեան յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով՝ յայտ­նեց, թէ Ներ­սէս Նալ­պան­տեան այս նո­ւա­գա­խում­բը ղե­կա­վա­րե­լու կող­քին, նաեւ ստանձ­նած էր բարձր պաշ­տօն­ներ. պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցէն ներս բա­նա­լի պաշ­տօն­ներ, ա­պա, յա­տուկ հան­դի­սու­թեամբ մը եւ Հայ­լէ Սե­լա­սիէի հրա­մա­նով, Ներ­սէս Նալ­պան­տեան ստա­ցած է Ե­թով­պա­կան հպա­տա­կու­թիւն:

Ա­ճէ­մեան ընդ­հա­նուր ակ­նարկ մը փո­խան­ցե­լով ե­թով­պա­հայ գա­ղու­թին մա­սին՝ տե­ղե­կա­ցուց թէ, նախ­քան 1915-, ար­դէն իսկ հայ վա­ճա­ռա­կան­ներ ժա­մա­նած էին Ա­տիս Ա­պե­պա: 1920-ա­կան­նե­րուն, Ե­թով­պիոյ հա­յու­թեան թի­ւը գե­րա­զան­ցած է 1200-ը:

Ա­պա ե­լոյթ ու­նե­ցաւ «Ի­տըր օր­քեսթ­րա» խում­բը, որ ներ­կա­յա­ցուց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու շարք մը, ո­րոնց կար­գին յատ­կա­պէս հա­մաափ­րի­կեան միու­թեան քայ­լեր­գը, ո­րուն հե­ղի­նակն է Ներ­սէս Նալ­պան­տեան:

Վե­րո­յի­շեալ խում­բին ղե­կա­վա­րը՝ Ռաս Կեր­շըն յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուաւ ներ­կա­յա­ցուած գոր­ծե­րուն մա­սին: Ան նշեց, որ Նալ­պան­տեան մեծ ներդ­րում ու­նե­ցած է ե­րաժշ­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս՝ ե­թով­պա­կան կշռոյթն ու ար­դի ճազ ե­րաժշ­տու­թեան ե­րանգ­նե­րը ներ­մու­ծե­լով եւ նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով:

Նալ­պան­տեա­նի զա­ւակ­նե­րուն հրա­ւէ­րով 2004 թուա­կա­նին «Ի­տըր օր­քեսթ­րա» խում­բը այ­ցե­լած էր Ե­թով­պիա եւ՝ քա­նի մը ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած:

Կեր­շը­նի կող­քին, ե­լոյթ ու­նե­ցան՝ սրնգա­հար Մարք Զե­լես­քի, դաշ­նա­կա­հար Կիլ­սըն Շաշ­լիք, հա­րուա­ծա­յին գոր­ծիք­նե­րու մաս­նա­գէտ­ներ՝ Վի­չեն­թէ Լըպ­րոն եւ Ճեք Սմիթ, թաւ­ջու­թա­կա­հար Ռիք Մըք­Լաֆ­լին եւ փո­ղա­հար­ներ՝ Թոմ Հալ­թըր, Տան Ռո­զըն­թալ, Ժոէլ Ե­նիոր եւ Չար­լի Քոլ­հաս: Հիւ­րա­բար բեմ բարձ­րա­ցան Պրուք Թես­ֆա­յէ, Ռո­նըլտ Մըր­ֆի, Մա­նո­լօ Մայ­րե­նա եւ Սե­րե­նա Չոր­պա­ճեան: Այս վեր­ջի­նը եր­գեց Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի «Քե­լէ քե­լէ»ն:

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017