ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս շաբթուան մէջ պիտի այցելեն Ատրպէյճան։ Ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով յայտարարեց, որ իր ամերիկացի եւ ֆրանսացի պաշտօնակիցներուն հետ ներկայ շաբթուան ընթացքին ուղեւորութիւն մը պիտի իրականացնէ դէպի Պաքու, ուր պիտի ունենան ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ։ Եռանախագահները պիտի ընդունուին Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի կողմէ։ Իկոր Փոփով յայտնեց, թէ Հայաստան այցելութիւնը նախատեսուած է այլ ժամանակ մը։ Ան որեւէ բացատրութիւն չտուաւ, թէ ինչու միջնորդները Հայաստան չեն այցելեր այս անգամ։
Ռուս դիւանագէտը այս յայտարարութիւնը կատարեց երէկ, երբ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Էլմար Մամէտեարովը։ Պաքուի ղեկավարութիւնը ներկայիս տարածքաշրջանի ազդու դերակատարներուն հետ սերտ կապի մէջ է։ Նոյնպէս երէկ, Իլհամ Ալիեւն ալ շփումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Նախագահ Հասան Ռուհանիի, ինչպէս նաեւ կրօնապետ Այէթուլլահ Խամանէյի կողմէ։
Լաւրով եւ Մամէտեարով Մոսկուայի երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային հիմնական խնդիրները եւ այդ ամբողջին մէջ կանգ առին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վրայ։
Լաւրով Մամէտեարովի հետ երէկ համատեղ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսաստան բաւարարուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու արդիւնքներէն։ Ըստ իրեն, Մոսկուա պիտի շարունակէ աշխատանքները ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ թէ՛ Պաքուի եւ Երեւանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն շրջագծով եւ թէ՛ եռակողմանի հանդիպումներով ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահի դերին մէջ։ Ըստ Լաւրովի, հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ բոլոր քայլերուն կը ձեռնարկուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միւս համանախագահներուն՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ մշակուած սկզբունքային մօտեցումներուն համաձայն։ «Մենք բաւարարուած են բանակցութիւններու արդիւնքներէն ու պիտի շարունակենք աշխատիլ մեր նախարարներու յանձնարարականներու կատարման շուրջ», ըսաւ Լաւրով։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Լաւրով ընդգծեց, որ Ատրպէյճան Ռուսաստանի ռազմավարական գործընկերն է։ Երկու երկիրներու դիրքորոշումները կը համընկնին շարք մը կարեւոր հարցերու շուրջ։ Ըստ Լաւրովի, Մամէտեարովի հետ բանակցութիւնները եղած են շինիչ։ Կողմերը քննարկեցին յառաջիկայ շփումներու ժամանակացոյցը, ներառեալ բարձր մակարդակի այցելութիւնները։ Ռուսական կողմը հետագային եւս պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ընդունելի լուծումներու որոնման։
Իր կարգին, Էլմար Մամէտեարովն ալ յայտնեց, թէ Ռուսաստան լուրջ քայլերու կը ձեռնարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, Պաքուի առջեւ ծառացած ամենալուրջ խնդիրներէն մին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումն է։ Ռուսաստան շատ լուրջ քայլերու կը ձեռնարկէ եւ անոնք մանրամասնօրէն քննարկուած են երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին։ «Ես այսօր զգացի Սէրկէյ Լաւրովի տրամադրութիւնը, երբ մենք մանրամասն կը քննարկէինք, թէ ինչ ուղղութեամբ պէտք է շարժինք, շատ թէ քիչ՝ կան որոշ հեռանկարներ», ըսաւ Մամէտեարով։ Բաց աստի, ազէրի նախարարը ըսաւ, թէ ամէն ինչ կախեալ չէ միայն իր երկրէն։ Ռուսաստանէն ալ շատ բան կախում ունի՝ որպէս համանախագահ։ «Ի հարկէ, այստեղ մեծ դեր պէտք է խաղայ նաեւ հայկական կողմը՝ այժմ սեղանին վրայ դրուած առաջարկները ընդունելու համար», ըսաւ Մամէտեարով։
Իրանի ղեկավարութիւնն ալ հերթական անգամ ղարաբաղեան հիմնախնդրին անդրադարձաւ՝ Ալիեւի Թեհրան կատարած այցելութեան բերումով։ Հասան Ռուհանի համոզուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի բանակցութիւններու սեղանին շուրջ եւ քաղաքական ճանապարհով։ «Կը յուսամ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պիտի գտնէ իր լուծումը։ Տարածքաշրջանէ ներս հակամարտութիւնները պէտք է կարգաւորուին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ եւ քաղաքական ճանապարհով», ըսաւ ան։ Ռուհանի աւելցուց նաեւ, որ երկխօսութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման վերջնական միջոցն է։ Ըստ իրեն, Իրան կը յարգէ բոլոր պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը, իսկ տարածքաշրջանային խնդիրները պէտք է լուծուին քաղաքական միջոցներով եւ երկխօսութեան օգնութեամբ։
Իր կարգին, Այէթուլլահ Խամանէյն ալ Ալիեւը հիւրընկալելու ժամանակ յայտնեց, թէ Իսրայէլ կը փորձէ վնաս հասցնել Իրան-Ատրպէյճան կապերուն։