ՏՔԹ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՊՈԼԻՍ ԿԱՏԱՐԱԾ ԱՅՑԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ

Լոս Ան­ճե­լը­սէն Տքթ. Մի­նաս Գո­ճա­յեան ան­ցեալ շա­բաթ սփիւռ­քեան կարգ մը թեր­թե­րու մէջ գրի ա­ռած էր յօ­դուած մը՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի Պո­լիս կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն եւ այդ մա­սին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մէջ լոյս տե­սած լրա­տուու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Թեր­թիս «Օ­րա­կար­գի նիւ­թե­րը» սիւ­նա­կին մէջ Տքթ. Մի­նաս Գո­ճա­յեա­նի յօ­դուա­ծի լոյ­սին տակ ան­մի­ջա­պէս հրա­տա­րա­կուած էր ման­րա­մասն լու­սա­բա­նու­թիւն մը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ վեր­ջին օ­րե­րուն Մի­նաս Գո­ճա­յեա­նէն ստա­ցանք գրու­թիւն մը, զոր կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ։

Յար­գե­լի «Ժա­մա­նակ»,

Հա­ւա­տա­ցէք որ մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ կար­դա­ցի ձեր ար­ձա­գան­գը: Հիա­ցած եմ ձեր ան­կեղծ մօ­տեց­մամբ, ուր չկան վար­կա­բե­կիչ ու խած­նող տո­ղեր ու ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, բան մը որ հայ մա­մու­լին մէջ կը պակ­սի մին­չեւ օրս:

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեմ իմ ու­շադ­րու­թեան յանձ­նուած այն ըն­կա­լում­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք յա­տուկ են ազ­նուա­կան պոլ­սա­հա­յու­թեան, երբ հար­ցը կը վե­րա­բե­րի պատ­րիար­քի մը այ­ցե­լու­թեան եւ ա­նոր հե­տե­ւե­լիք մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն:

Իմ գրու­թեանս մտա­հո­գու­թեան կի­զա­կէտն էր մեր (թէ­կուզ տե­ղին ու սրտցաւ) մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով ա­ւե­լի չդժուա­րաց­նել Ս. Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լին նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը: Ե­րու­սա­ղէմ ապ­րած եւ աշ­խա­տած մար­դը միայն կը հասկ­նայ այս խօս­քե­րուս ի­մաս­տը... 

Իմ նպա­տակս պատ­րիար­քը պաշտ­պա­նել չէ ե­ղած. ես ա­տոր պէտ­քը չեմ ու­նե­ցած երբ պաշ­տօ­նեայ էի, ա­ռա­ւել եւս հի­մա որ պաշ­տօ­նեայ չեմ: Ե­րու­սա­ղէ­մի հայ գա­ղու­թը եւ մեր Պատ­րիար­քու­թիւ­նը յա­ջորդ տաս­նա­մեակ­նե­րուն ճգնա­ժա­մի պի­տի մատ­նուին - ես ա­տոր ու­րուա­կա­նը կը տես­նեմ ար­դէն, հե­տե­ւա­բար հայ մա­մու­լը, դուք, մենք եւ մատ­նե­րու վրայ հա­շուող քա­նի մը հա­յա­գիր լրագ­րող­ներս պէտք է գեր­մարդ­կա­յին ճի­գեր թա­փենք մեր մաս­նակ­ցու­թեամբ դուրս բե­րե­լու ճա­հի­ճին մէջ ընկղ­մող մեր նուի­րա­կան հո­գե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը:

Իմ հե­տա­գայ գրու­թիւն­նե­րուս մէջ յա­ճախ պի­տի անդ­րա­դառ­նամ մօ­տե­ցող ու իր գո­յու­թիւ­նը օր ըստ օ­րէ ա­ւե­լի զգա­լի դարձ­նող ա­նո­րոշ ա­պա­գա­յին:

Ա­մէն բան մեր ու­զա­ծին պէս չէ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ. այսօ­րուան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը քաջ յայտ­նի է ին­ծի: Կրնա՞նք միաս­նա­կան ա­ռողջ ու­ժե­րով ա­ռաջ­քը առ­նել մօ­տե­ցող վտան­գին՝ Ս. Էջ­միած­նէն մին­չեւ Պո­լիս, Ան­թի­լիաս ու Ե­րու­սա­ղէմ: Մա­նա­ւա՛նդ կրնա՞նք այս հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հասկց­նել, թէ հա­մա­րա­տու են ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ (ար­դէն այս մա­սին թե­թեւ ակ­նար­կու­թիւն մը ը­րած էի գրու­թեանս մէջ):

Յարգ­նաք­նե­րով,

ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017