ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄ

«ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ Իտալիա կը փափաքի հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի քաղաքական եւ բանակցային լուծման», յայտարարեց ԵԱՀԿ-ի մօտ իտալական նախագահութեան մամլոյ քարտուղար Ճովաննի Տաւոլի։ «Արմէնփրէս»ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ հիմնախնդրի կարգաւորման տարրերը արդէն դրուած են բանակցային սեղանին վրայ՝ շնորհիւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կեդրոնացեալ յանձնառութեան։ Հետեւաբար, իտալական նախագահութիւնը լիակատար աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ցարդ ընդունուած մօտեցման։ «Երբ կողմերը ներգրաւուած էին բարձրագոյն քաղաքական մակարդակի վրայ՝ երկու նախագահներուն միջեւ ուղղակի շփման ձեւով, մենք ականատես եղանք դրական զարգացումներու։ Այս առումով մենք կ՚աջակցինք եւ կը սատարենք ամենաբարձր մակարդակով յետագայ շփումներուն՝ քաջ գիտակցելով, որ կողմերու քաղաքական կամքի գոյութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան գործընթացի առանցքային գործօնն է», ըսաւ ան։ 

Աւելի վերջ Ճովաննի Տաւոլի մատնանշեց, որ իտալական նախագահութիւնը նպատակ կը հետապնդէ հասնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական, բանակցային եւ կայուն լուծման։ «Մենք պիտի գործենք ԵԱՀԿ-ի նախկին համանախագահներու ոգիին համապատասխան, հետեւողականօրէն աջակցելով Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն։ Մենք ջանք պիտի չխնայենք օգնելու եւ աջակցելու համար կողմերուն՝ ըստ Մատրիտեան սկզբունքներու եւ Հելսինքիի եզրափակիչ աքթին», ըսաւ իտալացի բանբերը՝ «Արմէնփրէս»ի խմբագիրներէն Արաքս Կասեանին տուած հարցազրոյցին մէջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 7, 2018