ԳՀԽ-Ն ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Մարտի 3-6 թուականներուն, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ ատենապետութեամբ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով ժողովը:

Քառօրեայ ժողովի նիստերը վարեցին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Ժողովի տարբեր նիստերուն հրաւիրուած էին մասնակցելու Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան: Ժողովին ներկայ էր նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան վերջին զարգացումներու, առկայ մարտահրաւէրներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Արք. Մաշալեան: ԳՀԽ-ի անդամները Սահակ Բ. Պատրիարքին յղեցին իրենց շնորհաւորանքները՝ ընտրութեան կապակցութեամբ եւ մաղթեցին քաջառողջ ու արդիւնաւէտ երկար գահակալութիւն:

Ժողովին անդրադարձ կատարուեցաւ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ ամրակայման ընթացքին: Կատարուած աշխատանքներու շուրջ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ տուին Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապաեան եւ վերականգնման նախագծի գլխաւոր ճարտարապետ Ամիրան Պատիշեան: ԳՀԽ-ի անդամները ծանօթացան տաճարի վերականգնման ժամանակ ի յայտ եկած խնդիրներուն, որոնք կարօտ են նոր ուսումնասիրութիւններու եւ լրացուցիչ աշխատանքներու կատարման: Տեղեկացուեցաւ, որ, նկատի ունենալով վերականգնման եւ բարեկարգման աշխատանքներու ընդհանուր ծաւալը եւ յառաջացած նոր խնդիրները, Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան աշխատանքները հնարաւոր կ՚ըլլայ աւարտին հասցնել 2021 թուականին:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը լսեց նաեւ Մայր Տաճարի հիմնանորոգման համար յայտարարուած համահայկական հանգանակութեան, անհրաժեշտ միջոցներու հաւաքագրման ընթացքի եւ այդ նպատակով կազմակերպուած այցելութիւններու մասին հանգանակութեան կազմակերպման աշխատանքային յանձնախումբի ատենապետ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի զեկոյցը:

 Ժողովականները գնահատանքով ողջունեցին Միածնաէջ տաճարի հիմնանորոգութեան եւ պահպանութեան, ինչպէս նաեւ համազգային հանգանակութեան կազմակերպման ուղղուած բոլոր պատասխանատուներու ջանքերը:

Ժողովի օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ կը գրաւէին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուելիք Ազգային-եկեղեցական ժողովի (ԱԵԺ) կազմակերպման աշխատանքներուն վերաբերող հարցերը:

Ազգային-եկեղեցական ժողովի կազմակերպման ընթացքի մասին զեկոյց ներկայացուց ԱԵԺ-ի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան: Ժողովականները լսեցին նաեւ ԱԵԺ-ի օրակարգային նիւթերու նախապատրաստման նպատակով ստեղծուած եօթ յանձնախումբերու զեկոյցները: Յանձնախումբերու գործունէութեան եւ պատրաստուած փաստաթուղթերու վերաբերեալ զեկոյցներ ներկայացուցին Կանոնադրութիւններու մշակման եւ Թեմական ու ծխական կեանքի կազմակերպման յանձնախումբերու համաատենապետ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Կրթադաստիարակչական առաքելութեան յանձնախումբի ատենապետ Տ. Աբրահամ Արք. Մկրտչեան, Ընկերային ծառայութեան յանձնախումբի ատենապետ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան գործով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան յանձնախումբի ատենապետ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան, Հոգեւորականաց պատրաստութեան յանձնախումբի ատենապետ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, Քրիստոնէական արժեհամակարգին նետուած մարտահրաւէրներու յանձնախումբի ատենապետ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ֆինանսատնտեսական վիճակի բարելաւման յանձնախումբի ատենապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապաեան:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, մանրակրկիտ քննարկելով ներկայացուած փաստաթուղթերը, գնահատանքով ողջունեց կատարուած հսկայածաւալ աշխատանքը, որ մեծապէս կը ծառայէ Հայոց Եկեղեցիի առաքելութեան արդիւնաւորման: Անհրաժեշտ թելադրութիւններէ յետոյ ժողովականները յանձնարարեցին շարունակել փաստաթուղթերու յետագայ լրամշակումը: Այս գործընթացին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կարեւոր նկատեց յանձնախումբերու կողմէ մշակուած փաստաթուղթերու շուրջ մասնագիտական եւ հանրային լրացուցիչ քննարկումներու կազմակերպումը՝ ԱԵԺ-ի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր թեմերու ու համայնքներու մէջ:

Յիշեալ փաստաթուղթերու լրամշակման անհրաժեշտութենէն մեկնելով, նաեւ նկատի առնելով, որ Մայր Տաճարի շինարարական աշխատանքները կ՚աւարտին 2021 թուականին՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը որոշեց յետաձգել Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարումը:

Պուլկարիայի Հայոց թեմին մէջ տիրող կացութեան առընչութեամբ զեկոյց ներկայացուց Պուլկարիայի Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան: Խնդրի քննարկման եւ հանգուցալուծման նպատակով Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը որոշեց յատուկ պատուիրակութիւն առաքել Պուլկարիա՝ անհրաժեշտ հանդիպումներ ունենալու եկեղեցական, պետական եւ համայնքային պատկան կառոյցներու հետ։

Ժողովին նաեւ քննութեան առնուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2019 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը: Մայր Աթոռի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան ներկայացուց հոգեւոր-վարչական գործունէութեան զեկոյցը: Լսուեցան ֆինանսական հաշուետուութիւնը եւ վերստուգիչ յանձնախումբի տարեկան հաշուետուութիւնը:

Շաբաթ, Մարտ 7, 2020