ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ուքրայնայի պատերազմական գործողութիւններով պայմանաւորուած թէժ իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ այս ամենաբարձր մակարդակի շփումը՝ մինչ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր յամառօրէն կ՚առաջարկէ՝ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ միջնորդի դեր կատարել։ Նախագահ Էրտողան երէկուան հեռախօսազրոյցին ընթացքին իր ռուս պաշտօնակցին առաջարկեց՝ բախտ մը տալ խաղաղութեան։ Մինչ Էրտողան Փութինը հրաւիրեց բոլորով միասին խաղաղութեան ճանապարհը դառնալու, ռուս ղեկավարն ալ նշեց, որ երկխօսութեան պատրաստ է Ուքրայնայի եւ անոր օտարերկրեայ դաշնակիցներուն հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Էրտողան մատնանշեց, որ անմիջական շփման մէջ է թէ՛ Ուքրայնայի եւ թէ շահագրգիռ միւս բոլոր երկիրներուն հետ։ Իր խօսքով՝ թրքական կողմը պատրաստակամ է՝ Ուքրայնայի տագնապը ժամ առաջ ու խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու առաջադրութեամբ ամէն տեսակ նպաստը բերելու։ Էրտողան համոզուած է, թէ փութով քայլեր պէտք է առնուին, որպէսզի հրադադար հաստատուի, մարդասիրական նրբանցքներ բացուին եւ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրուի։

Քրեմլինի աղբիւրներն ալ պաշտօնապէս արձագանգեցին Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցին։ Այսպէս, ռուս ղեկավարը բացատրութիւններ տուած է, Ուքրայնայէ ներս Տոնպասը պաշտպանելու ուղղեալ յատուկ գործողութեան ընթացքին շուրջ։ Փութինի խօսքով՝ այդ գործողութիւնները կանգ պիտի առնեն միայն Քիեւի կողմէ ռազմական գործողութիւններու կասեցման եւ Ռուսաստանի պահանջներու ընդունման պարագային։

Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է այնպիսի իրավիճակի մը մէջ, ուր Ուքրայնայի պատերազմի ընթացքը հետզհետէ կը սաստկանայ, մարդասիրական ծանր հետեւանքներով հանդերձ։ Արեւմտեան պլոքի երկիրները տակաւ կը խստացնեն Մոսկուայի դէմ նախատեսուած պատժամիջոցները եւ բոլոր լծակներով կը ջանան մեկուսացնել ռուսական կողմը։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Ռուսաստանէն ալ ազդանշաններ կը հասնին, թէ երկիրը արդէն կը պատրաստուի փոխադարձել այդ բոլորին։

Միջազգային հանրային կարծիքը խոր մտահոգութեան մթնոլորտի մը մէջ կը սպասէ իրադարձութիւններու շարունակութեան։

Միւս կողմէ, այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ Ռուսաստան յայտարարած է Ուքրայնայէ ներս մարդասիրական միջանցքներ բանալու մասին։

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2022