ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին այցելեց Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Այս կապակցութեամբ Չավուշօղլու ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը կ՚ամրապնդուի՝ համահունչ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսով։ Ալիեւ եւ Չավուշօղլու գնահատականի ենթարկած են այն քայլերը, որոնք կը ձեռնարկուին տարածաշրջանէ ներս տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար։

Մինչ Ալիեւ-Չավուշօղլու հանդիպման ընթացքին Հարաւային Կովկասի իրավիճակի քննարկուած ըլլալու վերաբերեալ հաղորդումներ կատարուած են պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ, յայտնի դարձած է նաեւ, որ նախարարին ընկերակից պատուիրակութեան մաս կազմած է նաեւ դեսպան Սերտար Քըլըչ, որ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչն է Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու գործընթացին մէջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2022