ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Երեւանի մէջ, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 42-րդ հատորի երկու գիրքերուն շնորհանդէսը։ Ինչպէս ծանօթ է, այս հայագիտական հանդէսը կը հրատարակուի Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին կողմէ։ Շնորհանդէսին զուգահեռ՝ համագործակցութեան յուշագիր մըն ալ ստորագրուեցաւ վերոյիշեալ երկու կառոյցներուն միջեւ։
Թանգարանի տնօրէն տքթ. Դաւիթ Պօղոսեան եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան ստորագրեցին այս երկու կարեւոր կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան յուշագիրը։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի հայագիտական զանազան կեդրոններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ եւ հետաքրքիրներ։
Հանդիսութեան ընթացքին թանգարանի փոխ-տնօրէն տքթ. Նժդեհ Երանեան, բարիգալուստի խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ առաջին անգամն է, որ թանգարանը նման ձեռնարկ մը կը կայացնէ: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ընդգծելով, որ նորատեսակ այս գործակցութիւնը՝ Պատմութեան թանգարանին եւ Հայկազեան համալսարանին միջեւ իր առաջին իսկ քայլերէն շատ արդիւնաւէտ եղաւ եւ թէ կողմերը շատ արագ գտան հասարակ յայտարարները եւ նպատակները: Երանեան յոյս յայտնեց, որ այս գործակցութիւնը առաւել կը ծաղկի ու կը ծառայէ հայագիտութեան:
Յայտնի արուեստաբան, արուեստագէտ, հայկական ձեռարուեստի ու ասեղնագործութեան վաստակաւոր Հրազդան Թոքմաճեան խօսեցաւ Հայկազեան համալսարանի իր փորձառութենէն: Ան ոգեւորութեամբ արտայայտուեցաւ Լիբանանի ու սփիւռքի մէջ համալսարանի դերին ու տեղին մասին եւ ընդգծեց, որ հակառակ Լիբանանի խորապէս դժուար պայմաններուն, համալսարանը իր առաւելագոյնը կ՚ընէ ծառայելու միջավայրին, հաւաքականութեան եւ տարածելու իր ակադեմական, մշակութային ու մանկավարժական լիցքն ու բերքը՝ Լիբանանի հայ եւ ոչ-հայ շրջանակներուն: Թոքմաճեան բացատրեց, որ համալսարանը իմաստութեամբ եւ ճարտարօրէն կը գործէ Լիբանանի ընձեռած անհնարինութեան եւ նուազագոյն հնարաւորութեան միջեւ եղած լուսանցքին մէջ: Ան հաւաստեց, որ այս քաղաքականութիւնը յաջող է եւ կու տայ իր բարերար արդիւնքները, որմէ կ՚օգտուի հայութիւնը: Այս առումով ան իբրեւ օրինակ բերաւ «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսը եւ նշեց, որ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցող այս շնորհանդէսը ապացոյց է, որ համալսարանը իր յաջողութիւնները կը բաժնեկցի իր միջավայրին հետ:
Իր կարգին, «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի պատասխանատու խմբագիր տքթ. Անդրանիկ Տագէսեանն ալ հակիրճ ներկայացուց զոյգ գիրքերուն բովանդակութիւնը, նորութիւնները եւ արտայայտեց իր մտորումները՝ հայագիտութեան ոչ-աւանդական սահմանումի ծիրին մէջ: Ան ըսաւ, թէ հայագիտութիւնը պարտի ռազմավարական անցում կատարել այն հունէն, ուրկէ կ՚ընթանար մինչեւ 1991-ի Հայաստանի Գ. հանրապետութեան հռչակումը: Տագէսեան խթանող մտահոգութիւններ արտայայտեց հայագիտութեան ներկայ ուղղութիւններուն խնդրով՝ ընդգծելով, որ այսօր կան հայագիտական կենսական բնագաւառներ, որոնք պէտք ունին աւելի խորունկ ուսումնասիրութեանց եւ առաջարկեց աւելի շատ օգտագործել միջուսմունքային եւ բաղդատական մօտեցումներ։ Ան նշեց նաեւ, որ հետազօտութիւնները աւելի հիմնուին մարդասիրական բնագաւառներու տեսութիւններու վրայ, այնտեղ գերակշռեն վերլուծական, դրդապատճառային, պատճառահետեւանքային մօտեցումները՝ քան թէ նկարագրական-պատմողական կողմը: Տագէսեան շեշտեց ժամանանակից հայկական ընկերաբանութեան, հոգեբանութեան, քաղաքական գիտութիւններու, ժողովրդագրութեան, երկրագործութեան, տնտեսագիտութեան, պետականութեան եւ նման բնագաւառներու նիւթերու ուսումնասիրման կարիքը:
Իր խօսքին մէջ, տքթ. Դաւիթ Պօղոսեան ուրախութիւն յայտնեց նման ձեռնարկ մը հիւրընկալելու առթիւ, եւ գոհունակութիւն՝ Հայկազեան համալսարանի հետ գործակցութեան յուշագիր ստորագրելու խնդրով: Ապա ան հրաւիրեց վեր. տքթ. Փոլ Հայտոսթեանը, որ մատնանշեց, թէ «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի շնորհանդէսը տեղի կ՚ունենար նման պատկառելի թանգարանի եւ կեդրոնական վայրի մը մէջ: Հայտոսթեան ընդգծեց, որ հանդէսն ու նման հրատարակութիւնները ունին պարտականութիւնը ամէն հայկական բան ուսումնասիրելու, հանրայնացնելու, մատչելի դարձնելու եւ նպաստելու յաւելեալ գիտելիքի ձեռքբերման: Ան ըսաւ. «Ճիշդ է, որ հրատարակութիւններ եւ թանգարան անցեալի վրայ հիմնուած են, բայց կ՚ուղղուին ու կը մատնանշեն ժողովուրդի ապագան»:
Շնորհանդէսը փակուեցաւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ Հայկազեան համալսարանի միջեւ կնքուած գործակցութեան յուշագիրով:
Միւս կողմէ, «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 42-րդ հատորի երկու գիրքերը կ՚ընդգրկեն 67 ուսումնասիրական յօդուածներ, քննարկումներ, հաղորդումներ, հրապարակումներ, գրախօսական եւ շուրջ 30 մահագրականներ: Զոյգ գիրքերուն աշխատակիցները կ՚ապրին Արժանթին, Եգիպտոս, Թուրքիա, Լիբանան, Հայաստան, ԱՄՆ, Յունաստան, Չեխիա, Սուրիա եւ Գանատա:
Գիրքերուն թուային տարբերակը կարելի է ներբեռնել Հայաստանի Ազգային եւ Ակադեմիայի գրադարաններու, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանի կայքէջերէն: