ԱՆՐԻ ՎԷՐՆԷՕՅԻ ՓՈՂՈՑԸ

Ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ շար­ժան­կա­րի բե­մադ­րիչ Ան­րի Վէր­նէօ­յի (Ա­շոտ Մա­լա­քեան) ա­նու­նը ան­մա­հա­ցուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այս­պէս, շար­ժան­կա­րի մեծ վար­պե­տին ա­նու­նով փո­ղոց մը կո­չուե­ցաւ մայ­րա­քա­ղա­քի կեդ­րո­նէն ներս։ Ցու­ցա­տախ­տա­կի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Ան­րի Վէր­նէօ­յի որ­դին՝ Փաթ­րիք Մա­լա­քեան եւ իր ըն­տա­նի­քը։ Հան­դի­սա­ւոր հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րու կար­գին էին Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան, Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան, այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ, թէ՛ հայ եւ թէ ֆրան­սա­ցի գոր­ծիչ­ներ։ Ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Ե­րե­ւա­նի գլխա­ւոր ճար­տա­րա­պետ Տիգ­րան Բար­սե­ղեան։ Փո­ղո­ցի յու­շա­գա­րին բաց­ման առ­թիւ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Փաթ­րիք Մա­լա­քեան։

Մինչ այդ, զու­գա­հե­ռա­բար Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցան Ան­րի Վէր­նէօ­յի օ­րեր, ո­րոնք ար­ժա­նա­ցան գե­ղա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Փո­ղո­ցի յու­շա­տախ­տա­կի բաց­ման ա­ռըն­թեր, Ե­րե­ւա­նի Թատ­րո­նի եւ շար­ժան­կա­րի պե­տա­կան կա­ճա­ռի երկ­րորդ յար­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ան­րի Վէր­նէօ­յի ա­նու­նով կո­չուած շար­ժան­կա­րի դահ­լի­ճի հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մը։ Կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ մեծ վար­պե­տի մա­սին յուշ-ե­րե­կոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դի­սա­տես­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուե­ցան իր կեն­սագ­րու­թե­նէն դրուագ­ներ։

Բաց աս­տի, Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին թատ­րո­նին մէջ ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ան­րի Վէր­նէօ­յի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած ձեռ­նարկ մը։ Սա միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մեծ վար­պե­տին կող­մէ հե­ղի­նա­կուած «Մայ­րիկ» գիր­քի վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեան շնոր­հան­դէսն էր։ Նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան ներ­կայ էր նաեւ այս հանգ­րուա­նին եւ Հա­յաս­տա­նի շար­ժան­կա­րի աշ­խար­հէն գոր­ծիչ­ներ ա­մէն քայ­լա­փո­խին ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տե­ցին Ան­րի Վէր­նէօ­յի շա­ռա­ւիղ­նե­րը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015