ԷՐՏՈՂԱՆ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Թեհ­րան, ուր բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ Ի­րա­նի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։ Թուր­քիա-Ի­րան բարձր մա­կար­դա­կով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի երկ­րորդ ժո­ղո­վը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Թեհ­րա­նի մէջ։ Էր­տո­ղա­նի այ­ցը կը կա­յա­նայ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի հրա­ւէ­րով։ Բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թեան մը ու­ղեկ­ցու­թեամբ Թեհ­րան մեկ­նած է Էր­տո­ղան, որ կը տե­սակ­ցի նաեւ Ի­րա­նի կրօ­նա­պետ Ա­յէ­թուլ­լահ Սէ­յիտ Ա­լի Խա­մա­նէի հետ։

Թուր­քիա­յէն Ի­րան չորս տա­րուան ընդ­հա­տու­մէ մը վերջ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի նա­խա­գա­հի մա­կար­դա­կով այ­ցե­լու­թիւն մը։ Այս առ­թիւ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը քննար­կուին ի­րենց բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րով։ Կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին բնոյ­թով խնդիր­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։

Էր­տո­ղա­նի Թեհ­րան այ­ցե­լու­թիւ­նը կը հա­մընկ­նի հե­տաքրք­րա­կան ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծի մը։ Ար­դա­րեւ, Ի­րան տա­կա­ւին քա­նի մը օր ա­ռաջ հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սաւ իր հիւ­լէա­կան ծրագ­րին շուրջ՝ մի­ջազ­գա­յին յա­ռա­ջա­տար դե­րա­կա­տար­նե­րուն հետ։ Այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս կրնայ ստեղ­ծել նոր ի­րադ­րու­թիւն մը։ Յա­մե­նայն­դէպս տա­կա­ւին հա­զիւ թէ այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ վար­կած­նե­րու քննար­կու­մը սկսած ըլ­լար, ար­դէն բռնկե­ցան Եէ­մէ­նի դէպ­քե­րը, ո­րոնք Ան­գա­րա-Թեհ­րան ա­ռանց­քին վրայ յա­ռա­ջա­ցու­ցին լա­րուա­ծու­թիւն։ Այս­պի­սի մթնո­լոր­տի մը մէջ է, որ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ Էր­տո­ղա­նի Թեհ­րան այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րու նա­խօ­րեա­կին հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի մամ­լոյ քար­տու­ղա­րը՝ դես­պան Իպ­րա­հիմ Քա­լըն հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Ան յայտ­նեց, որ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս դա­ւա­նա­կան բա­խում­նե­րը կան­խե­լու հա­մար պէտք է տա­նիլ հա­մա­տեղ աշ­խա­տանք։ Ո­րե­ւէ բա­խում պէտք չէ դա­ւա­նա­կան պա­տե­րազ­մի մը հիմ­նա­ւո­րու­մը դառ­նայ։ Ըստ բան­բե­րին, այս ուղ­ղու­թեամբ բո­լոր եր­կիր­նե­րուն կը վի­ճա­կի լուրջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մը, նե­րա­ռեալ Ի­րա­նը։

Թեհ­րա­նի հիւ­լէա­կան ծրագ­րին շուրջ ձեռք բե­րուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լով՝ Իպ­րա­հիմ Քա­լըն նշեց, թէ հիւ­լէա­կան զէն­քե­րու տա­րա­ծու­մը սպառ­նա­լիք մը կը հա­մա­րուի տա­րած­քաշրջա­նի եւ աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։ Թուր­քիոյ որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ, տա­րած­քաշրջա­նի բո­լոր եր­կիր­նե­րը պէտք է մաք­րա­գոր­ծուին հիւ­լէա­կան զէն­քե­րէ։  Բաց աս­տի, Իպ­րա­հիմ Քա­լըն նոյն ամ­բող­ջին մէջ ընդգ­ծեց, որ Ի­րա­նի դէմ սահ­մա­նուած պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րուն բաւ հա­մա­րուի­լը կը բա­նայ նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու պա­տու­հան մը։

«Մենք միշտ պաշտ­պա­նած ենք, որ որ­պէս տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան տէր հա­րե­ւան մը՝ Ի­րան հա­մար­կուի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան կա­ռոյ­ցին, ըլ­լա­լով դե­րա­կա­տար մը։ Միշտ պաշտ­պա­նե­ցինք Ի­րա­նի հետ լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը եւ այս հան­գա­ման­քին ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն վե­րագ­րե­ցինք թէ՛ մեր երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ թէ տա­րած­քաշր­ջա­նի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն ա­ռու­մով», ը­սաւ Իպ­րա­հիմ Քա­լըն։

Բան­բեր Քա­լըն ընդգ­ծեց, թէ ի սկզբա­նէ Էր­տո­ղա­նի Թեհ­րան այ­ցե­լու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած էր մէկ օ­րով։ Ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին ի­րեն կ՚ըն­կե­րա­նան Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու, Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Նի­հատ Զէյ­պէք­ճի, Ա­ռեւ­տու­րի նա­խա­րար Նու­րէտ­տին Ճա­նիք­լի, Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Թա­նէր Եըլ­տըզ, Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Էօ­մէր Չե­լիք, Զար­գաց­ման նա­խա­րար Ճեւտէտ Եըլ­մազ եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015