ՀԱՅՐԵՆԱԿԵԴՐՈՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑՆԵՐ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 88-րդ համագումարը արդէն եզրափակուած է Երեւանի մէջ։ ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած մասնաճիւղերէն աւելի քան հարիւր յիսուն ներկայացուցիչներ շուրջ մէկ շաբթուան ընթացքին իրականացուցին բազմակողմանի աշխատանք՝ գործադրելով ծանրաբեռնուած ծրագիր մը։ Բոլոր անոնք, որոնք առիթն ունեցան հետեւելու այս ընդհանուր ժողովին, կը մատնանշեն, թէ ան արձանագրած է անանտեսելի յաջողութիւն մը։ 88-րդ ընդհանուր ժողովին առթիւ Երեւան մեկնած պատգամաւորները արդէն հրաժեշտ կ՚առնեն բարձր տրամադրութեամբ, մինչ ընդհանուր համոզումը այն է, թէ այս համագումարին ընթացքին կատարուած աշխատանքին արձագանգները տակաւին պիտի շարունակուին։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 88-րդ համագումարը կ՚առանձնանայ հայաստանակեդրոն մտածելակերպի հասունացման տեսանկիւնէն որպէս նոր հանգրուան եւ հայրենակեդրոն ուղեցոյցներու իւրացման հարթակ։