ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ ակադեմական Տքթ. Վահրամ Շեմմասեանը։ Գալիֆորնիոյ Նորթրիճ նահանգային համալսարանի ժամանակակից եւ դասական լեզուներու մասնաճիւղի հայկական ուսումնասիրութիւններու ծրագրի ղեկավարն է Վահրամ Շեմմասեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան եւ այսօր միջազգային գիտաժողովի մը կը մասնակցի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Վահրամ Շեմմասեան զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան համալսարաններէն ներս իրականացուող աշխատանքներուն՝ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու շրջագծով։ Ան միեւնոյն ժամանակ մանրամասնութիւններ ներկայացուց Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանէն ներս իր կողմէ գլխաւորուած ծրագրին կապակցութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեանն ալ Վահրամ Շեմմասեանի նկատառման յանձնեց Հայաստանի կրթական համակարգին, հայագիտական ուսումնասիրութիւններու դասաւանդման եւ ուսումնական գործընթացներու կազմակերպման առընչութեամբ տեղեկութիւններ։