ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Մոս­կուա, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լավ­րո­վի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած է նաեւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հան­դի­պու­մը Ռու­սաս­տա­նի Պե­տա­կան տու­մա­յի նա­խա­գահ Սէր­կէյ Նա­րիշ­քի­նի հետ։ Նալ­պան­տեան եւ Լավ­րով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին կը քննար­կեն Հա­յաս­տան-Ռու­սաս­տան դաշ­նակ­ցա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­տա­գայ զար­գաց­ման նպա­տա­կով ձեռ­նար­կուե­լիք քայ­լե­րը, նաեւ կար­ծիք­ներ կը փո­խա­նա­կեն տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ Մոս­կուա­յի մէջ Նալ­պան­տեան կը տե­սակ­ցի նաեւ Ռու­սաս­տա­նի յա­ռա­ջա­տար զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու խմբա­գիր­նե­րու եւ հե­ղի­նա­կա­ւոր վեր­լու­ծա­բան­նե­րու հետ։

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը եւս անդ­րա­դար­ձան այս այ­ցե­լու­թեան ու տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ կը քննարկուին երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան հա­մա­կարգ­ման հրա­տապ հար­ցե­րը։ Այդ հա­մա­կար­գու­մը կը նե­րառ­նէ նաեւ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան նման բազ­մա­կող­մա­նի հար­թակ­նե­րը։ Կող­մե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կար­ծիք­ներ կը փո­խա­նա­կեն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կարգա­ւոր­ման ա­ռըն­չու­թեամբ։ Ռու­սա­կան պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, Մոս­կուա­յի եւ Ե­րե­ւա­նի մի­ջեւ ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծակ­ցու­թիւն հաս­տա­տուած է հա­մաշ­խար­հա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հիմ­նա­կան նիւ­թե­րու շուրջ։ Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի դիր­քո­րո­շում­նե­րը կը հա­մընկ­նին կամ ի­րա­րու շատ մօտ են հար­ցե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան պա­րա­գա­յին։ «Կ՚ակն­կա­լենք, որ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի Ռու­սաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մը պի­տի դառ­նայ երկ­կող­մա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան հե­տա­գայ զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ, պի­տի ծա­ռա­յէ ռուս-հայ­կա­կան դաշ­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­կե­րու­թեան ամ­րապնդ­ման», ը­սուած է այս այ­ցե­լու­թեան վե­րա­բե­րեալ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ կա­տա­րուած հրա­պա­րա­կում­նե­րուն մէջ։ 

Միւս կող­մէ, Մոս­կուա մեկ­նե­լէ ա­ռաջ, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան հար­ցազ­րոյց մը տուաւ Ռու­սաս­տա­նի «Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ» հան­դէ­սին։ Այս առ­թիւ ան ը­սաւ, թէ Հա­յաս­տան եւ Ռու­սաս­տան կա­պուած են դաշ­նակ­ցա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Ան­կա­րե­լի է դաշ­նա­կից ըլ­լալ բնա­գա­ւա­ռի մը մէջ, իսկ այլ հար­ցե­րու մէջ չըլ­լալ այդ­պէս։ Յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նման բնոյ­թը կը դրսե­ւո­րուի միջ­պե­տա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­բողջ ծա­ւա­լով։ «Մեր երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կ՚ա­ռանձ­նա­նան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան սերտ հա­մա­կարգ­մամբ, ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­թեք­նիկ ո­լորտ­նե­րու մէջ ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան, ու­ժա­նիւ­թի, փո­խադ­րու­թեան ո­լորտ­նե­րու մէջ յա­ջող գոր­ծըն­կե­րու­թեամբ, տա­րուէ տա­րի թափ առ­նող ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, մշա­կոյ­թի, գի­տու­թեան եւ կրթու­թեան ո­լորտ­նե­րէն ներս գոր­ծակ­ցու­թեան շա­րու­նա­կա­կան զար­գաց­մամբ։ Ռու­սաս­տան մեր հիմ­նա­կան ա­ռեւտ­րա­յին գոր­ծըն­կերն է, Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան հիմ­նա­կան ներդ­րո­ղը», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ան ընդգ­ծեց, որ Ե­րե­ւան եւ Մոս­կուա կը շա­րու­նա­կեն նոր հե­ռան­կա­րա­յին ուղ­ղու­թիւն­նե­րու ո­րո­նու­մը՝ հա­մա­տեղ ջան­քեր գոր­ծադ­րե­լու հա­մար։ «Ինչ­պի­սի բնոյթ ալ կրեն միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ա­նոնք չեն կրնար իս­կա­պէս ա­մուր ըլ­լալ, ե­թէ չկայ ջեր­մու­թիւն՝ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու, մարդ­կանց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ կը փա­փա­քիմ յա­տուկ շեշ­տել մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, հա­սա­րակ մար­դի­կը միաց­նող խոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ան­ցած են ժա­մա­նա­կի փոր­ձու­թե­նէն», ա­ւել­ցուց Նալ­պան­տեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015