ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Նա­զար Հան­չէր կը տե­ղե­կաց­նէ.-

Հա­յաս­տա­նի բռնցքա­մար­տի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը այ­սօր ժա­մա­նեց Թուր­քիա։ Տասն­հինգ մար­զիկ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը Ե­րե­ւան-Իս­թան­պուլ ու­ղիղ թռիչ­քով հա­սաւ քա­ղաքս եւ դար­ձեալ օ­դա­յին ճա­նա­պար­հով ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ Սամ­սուն, ուր կը մաս­նակ­ցի մրցա­շար­քի մը։ Խում­բը կը գլխա­ւո­րէ Հա­յաս­տա­նի բռնցքա­մար­տի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Դե­րե­նիկ Գաբ­րիէ­լեան։

Սամ­սու­նի մէջ հայ բռնցքա­մար­տիկ­նե­րը պայ­քար պի­տի մղեն՝ ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեան ի­րա­ւունք շա­հե­լու հա­մար։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 7, 2016