ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ՝ ՐԱՖՖԻ ԳԱԶԷԶԵԱՆ ԶՈՀ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ ծանր բա­խում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Դա­մաս­կո­սի ա­րուար­ձան­նե­րէն մէ­կուն մէջ ե­րէկ զո­հուած է հայ զի­նուոր մը։ Բե­րիոյ թե­մի «Գան­ձա­սար» պար­բե­րա­կա­նի կող­մէ կա­տա­րուած հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ զո­հուած զի­նուո­րը հա­լէ­պա­հայ Րաֆ­ֆի Գա­զէ­զեանն է, որ Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան բա­նա­կին մէջ կը ծա­ռա­յէր։

Րաֆ­ֆի Գա­զէ­զեա­նի ան­շունչ մար­մի­նը այ­սօր կը փո­խադ­րուի Հա­լէպ՝ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան հա­մար։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 7, 2016