ՏԵՒԱԿԱՆ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հակառակ կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութեան, Արցախի ճակատին վրայ բախումները կը շարունակուին։ Տեւականացնելով իր սադրանքները՝ Ատրպէյճանի բանակը ոտնձգութիւններ կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը երէկ կրակ բացին նաեւ Հայաստանի Վարդենիս քաղաքին վրայ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կանխեց Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած ներթափանցման փորձ մը։ Այս անյաջող յարձակման ձեռնարկած խումբին գլուխը գտնուող Վաքըֆ Պայրամով սպաննուեցաւ բախումներուն հետեւանքով։ Շփման գծի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ՝ Թալիշի մէջ տեղի ունեցան այդ բախումները։ Ստեփանակերտի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ այս դէպքը հերթական անգամ կ՚ապացուցանէ, որ Ատրպէյճան ոչ միայն չի յարգեր նախօրեակին ձեռք բերուած կրակի դադրեցման մասին պայմանաւորուածութիւնը, այլեւս սադրիչ քայլերով կը փորձէ նպատակաուղղուած ձեւով ապակայունացնել առկայ պայթիւնավտանգ իրավիճակը։
Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները երէկ աւելի առաջ ալ տեղեկացուցած էին, թէ շփման գծի հիւսիսային հատուածին մէջ տապալուած են ազէրի զօրքերու ներթափանցման երկու փորձեր։ Թալիշի ուղղութեամբ բացուած կրակին հետեւանքով երէկ զոհուեցաւ հայ զինուոր մը՝ Արմէն Գասպարեան (1974)։ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը տեղեկացուց, թէ երէկ Ատրպէյճան Արցախի մէջ ռմբակոծած է նաեւ շտապօգնութեան ինքնաշարժ մը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը երէկ նոր տեղեկութիւններ հաղորդեց իր վերջին կորուստներուն շուրջ։ Այսպէս, 32 հայ զինուոր զոհուած է, 121 վիրաւոր ունի հայկական կողմը եւ 25 զինուոր ալ անհետացած է։ Պաշտպանութեան բանակը տեղեկացուց, թէ իր ստորաբաժանումները լիովին կը վերահսկեն իրավիճակը առաջնագծին վրայ։
Ներկայ յարաբերական անդորրի մթնոլորտին մէջ դիւանագիտական ջանքերն ալ կը շարունակուին կացութիւնը կայունացնելու ուղղութեամբ։ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սարգսեան Ռուհանիին մանրամասնութիւններ ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի կողմէ տրուած համարժէք պատասխանին շուրջ։ Ան յատկապէս անդրադարձաւ խաղաղ բնակչութեան դէմ գործադրուած բռնութիւններուն՝ համեմատելով զանոնք տարածքաշրջանի յայտնի ահաբեկչական խմբաւորումներու գործելաոճին հետ։
Իր կարգին, Ռուհանի ընդգծեց, որ ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ առկայ այլ մարտահրաւէրներու համատեսքով տարածքաշրջանէ ներս լարուածութեան նոր օճախներու բռնկումը չի բխիր ոեւէ մէկու շահերէն։ Անհրաժեշտ է գործադրել բոլոր հնարաւորութիւնները՝ խաղաղ բանակցութիւններու գործընթացը վերականգնելու ուղղութեամբ։ Ռուհանի նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը չի կրնար ունենալ ռազմական լուծում։
ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ԱՅՑԸ
Արցախի ճակատին վրայ բռնկած բախումներու մթնոլորտին մէջ այսօր Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Ռուս վարչապետը կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Յովիկ Աբրահամեան եւ Տիմիթրի Մետվետեւ կը սարքեն նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Ռուս վարչապետը Երեւանէն պիտի ուղեւորուի Պաքու։
ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ
Բաց աստի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան) եւ Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա) ներկայիս կ՚այցելեն հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Անոնք երէկ շփումներ ունեցան Պաքուի մէջ, ուր տեսակցեցան Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ճէյմս Ուորլիք Պաքուի մէջ յայտարարեց, թէ բանակցութիւններուն գծով յառաջընթացի հասնելու համար պէտք է անյապաղ դադրեցնել կրակը։ Ըստ իրեն, ծագած լարուածութիւնը ցոյց տուած է, որ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար եկած է բանակցութիւնները շարունակելու ժամանակը։ Ուորլիք աւելցուց, թէ ԱՄՆ մշտապէս կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ջանքերուն եւ խաղաղութեան հասնելու համար կը փափաքի, որ բանակցութիւնները ընթանան յաջողութեամբ։
Պաքուի շփումներէն վերջ համանախագահները այսօր կ՚այցելեն Լեռնային Ղարաբաղ։
ԼԱՒՐՈՎ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով Ապրիլի 21-22-ին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան՝ իր հայ պաշտօնակցին՝ Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, թէ Մոսկուայի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը մեծ ջանքեր կը գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութեան կարգաւորման նպատակով։ Ըստ իրեն, վաղը Մոսկուայի մէջ կայանալիք ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստին շրջագծով եւս նախատեսուած է հանդիպում մը՝ Սէրկէյ Լաւրովի եւ Եդուարդ Նալպանտեանի միջեւ։
Մինչ այդ, Սէրկէյ Լաւրով երէկ Պաքուի մէջ մասնակցեցաւ ժողովի մը իր իրանցի եւ ազէրի պաշտօնակիցներուն՝ Ճեւատ Զարիֆի եւ Էլմար Մամէտեարովի հետ։
Եռակողմանի այս ժողովին մասնակից նախարարները ընդունուեցան նաեւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Այս շրջագծով Սէրկէյ Լաւրով ղարաբաղեան հարցին շուրջ զրուցեց Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Լաւրով նշեց, թէ Մոսկուա ունի առաջարկներ, որոնք համանախագահներուն հետ միասին միտուած են աշխուժօրէն ի գործ դնելու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պայմանաւորուածութեան հասնելու ուղղութեամբ։ «Մենք յոյս ունինք, որ պիտի կարենանք ուշադրութիւն ցուցաբերել այդ հարցերուն՝ միջնաժամկէտ ու երկարաժամկէտ հեռանկարներով», ըսաւ Լաւրով եւ ընդգծեց, թէ ամբողջութեամբ կը պաշտպանեն այն սկզբունքները, որոնք ներկայիս ձեւաւորուած են համանախագահներուն կողմէ։