«ԱՒՐՈՐԱ»Ի ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐԸ ԿԸ ՊԱՏԿԵՐՈՒԻ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇԻ ՎՐԱՅ
«Հայփոստ»ը Մայիսին պիտի թողարկէ նոր նամականիշ՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հետ համագործակցութեամբ:
Նամականիշին վրայ պատկերուած պիտի ըլլայ Մարգարիտ Պարանկիցէ՝ «Աւրորա» մրցանակի առաջին դափնեկիրը: Նամականիշին թողարկման հաւանութիւնը տուած է Հայաստանի Փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութիւնը:
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, նամականիշին թողարկումը եւ մարումը տեղի պիտի ունենայ 2017 թուականին՝ «Աւրորա» մրցանակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Նամականիշին հետ միասին «Հայփոստ»ը պիտի թողարկէ 150 հայկական դրամ արժողութեամբ նուիրատուութեան կտրօններ, որոնց վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի ուղղուի «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան միջոցով իրականացուող նախագիծերուն:
«Մենք հիմնադրած ենք «Աւրորա» նախաձեռնութիւնը՝ ի երախտագիտութիւն յատկապէս անոնց, որոնք վտանգի կ՚ենթարկէին իրենք-զիրենք՝ փրկելու Եղեռնէն վերապրածները: Եւ մենք կ՚ուզենք երախտագիտութիւն արտայայտել՝ շարունակելով բարին գործել, աջակցելով մերօրեայ հերոսներուն, որպէսզի անոնք նոյնպէս կարենան յուսադրել եւ ձեռք մեկնել մարդասիրական օգնութեան խիստ կարիք ունեցողներուն: Այսպէսով, մենք կ՚ըսենք, որ այդ վերապրողները այսօրուան փրկողներն են: Սա ոչ միայն կարեւոր կը դարձնէ յիշողութիւնը, այլեւ երախտագիտութիւնը գործի կը վերածէ: «Աւրորա»ի իւրաքանչիւր նախագիծ՝ ներառեալ Մէկիի նամականիշը եւ նուիրատուութեան կտրօնը, հնարաւորութիւն կու տան ընդլայնելու «Աւրորա»ի համայնքը՝ երախտագիտութիւն յայտնելով եւ շարունակելով նուիրատուութեան շղթան», ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան։
Մարգարիտ Պարանկիցէ, որ Maison Shalom խնամքի տան եւ REMA հիւանդանոցի հիմնադիրն է, «Աւրորա» մրցանակի արժանացած է այն բացառիկ ազդեցութեան համար, որ ունեցած է Պուրունտիի մէջ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն: Ան փրկած է երեսուն հազար երախայ՝ անոնց տալով օթեւան եւ խնամք:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է այսպիսի ճանաչման արժանանալը, բայց նաեւ ոգեւորիչ է գիտակցիլ, որ սէրը միշտ պիտի յաղթէ ատելութեան եւ չարիքին: Ես կը հաւատամ, որ այս նամականիշը պիտի նպաստէ «Աւրորա» մրցանակի առաքելութեան տարածման՝ ճանաչման արժանացնելով այն կիներն ու տղամարդիկ, որոնք բացառիկ ազդեցութիւն ունեցած են մարդասիրական խնդիրներու լուծման համար», ըսած է Մարգարիտ Պարանկիցէ:
Նամականիշը ունի 350 հայկական դրամ անուանական արժէք: Նամականիշին ձեւաւորողը Ալլա Մինկալեօւան է՝ «Աւրորա» նախաձեռնութենէն: Նամականիշը պիտի թողարկուի 40 հազար օրինակով:
Նամականիշին մարման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2017 թուականի Մայիսին՝ Մարգարիտ Պարանկիցէի ներկայութեամբ, որ Երեւան պիտի ժամանէ՝ մասնակցելու համար 2017-ի «Աւրորա» մրցանակի ձեռնարկներուն:
«Աւրորա» մրցանակի յաւակնորդներուն անունները պիտի յայտարարուին Ապրիլի 24-ին: Յաւակնորդներէն մէկը Մայիս 28-ին Երեւանի մէջ պիտի դառնայ 2017-ի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր: Ապրիլ 24-Մայիս 28 թուականներու միջեւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը աշխարհով մէկ պիտի կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ՝ ներկայացնելով մրցանակի 2017 թուականի յաւակնորդները ոգեշնչող պատմութիւնները, ինչպէս նաեւ մարդասիրական գործունէութիւնը աշխարհի մէջ: