ԱՄՆ ՌՄԲԱԿՈԾԵՑ ՍՈՒՐԻԱՆ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի բարդ ի­րա­վի­ճա­կի մը ծնունդ կու տայ մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կի վրայ։ Այս ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու զօր­քե­րը ռմբա­կո­ծե­ցին Սու­րիան։ Այս­պէ­սով Ռու­սաս­տա­նէն վերջ ԱՄՆ-ն ալ աս­տի­ճա­նա­բար ներգ­րա­ւուած ե­ղաւ Սու­րիոյ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Մի­ջերկ­րա­կա­նի ռազ­մա­նա­ւե­րուն մի­ջո­ցաւ, Թուր­քիոյ ժա­մով 03.45-ին ԱՄՆ-ի զօր­քե­րը հրթիռ­ներ ար­ձա­կե­ցին Սու­րիոյ Հու­մուս քա­ղա­քի Շա­րիաթ ռազ­մաօ­դա­յին խա­րիս­խի վրայ։ Յար­ձակ­ման զոհ գնաց հինգ հո­գի, եօթն հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Ռմբա­կո­ծեալ ռազ­մա­խա­րիս­խը Սու­րիոյ ղե­կա­վար Պե­շար Է­սա­տի են­թա­կայ կա­ռա­վա­րա­կան զօր­քե­րուն կող­մէ կ՚օգ­տա­գոր­ծուէր։ ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ յայտ­նեց, թէ այս գոր­ծո­ղու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ էր իր երկ­րի անվ­տան­գու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Հա­ղոր­դուե­ցաւ նաեւ, որ ԱՄՆ-ի յար­ձակ­ման ըն­դա­ռաջ տե­ղեակ պա­հուած է Ռու­սաս­տան։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին նաեւ, թէ այս­պէ­սով ա­ւար­տած է գոր­ծո­ղու­թեան ա­ռա­ջին փու­լը։

Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան զօր­քե­րը նա­խըն­թաց օր Իտ­լի­պի մէջ մեծ յար­ձա­կում մը կա­տա­րած էին՝ քի­միա­կան զէք­նե­րով, ինչ որ պոռթ­կում յա­ռա­ջա­ցու­ցած էր Ո­ւա­շինկ­թը­նի մօտ։ Նա­խա­գահ Թրամփ ան­մի­ջա­պէս սկսած էր ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վար­կա­ծին մա­սին։ Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը պնդած էր, որ բա­ւա­րար փաս­տեր չկան՝ ա­պա­ցու­ցա­նե­լու հա­մար, թէ քի­միա­կան զէն­քե­րով այդ յար­ձա­կում­նե­րը կա­տա­րուած են Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ։ Ռու­սա­կան կող­մը ԱՄՆ-ի կող­մէ կա­տա­րուած վեր­ջին ռմբա­կո­ծում­ներն ալ հա­մա­րած է մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի խախ­տում։

Միւս կող­մէ, Թուր­քիան ալ մօ­տէն կը հե­տե­ւի տա­րած­քաշր­ջա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Է­րտո­ղան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հե­ռա­տե­սի­լի վրայ ու­ղիղ ե­թե­րի ըն­թաց­քին մեկ­նա­բա­նեց Թրամ­փի խօս­քե­րը։ Ան յայտ­նեց, որ Թուր­քիա կ՚ակն­կա­լէ այդ խօս­քե­րուն գործ­նա­կա­նու­թեան վե­րա­ծուի­լը եւ պատ­րաս­տ է ի­րա­կա­նաց­նե­լու ի­րեն վի­ճա­կած դե­րը։ Էր­տո­ղա­նի այդ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն քա­նի մը ժամ վերջ ա­մե­րի­կեան զօր­քե­րը ար­դէն ռմբա­կո­ծե­ցին Սու­րիան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2017