ՎԵՐՍԿՍԻԼ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Ռու­սաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղաք­նե­րէն վեր­ջին օ­րե­րուն դար­ձեալ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ հնչե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ։ Փա­րի­զէն՝ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բե­րը յայ­տա­րա­րու­թիւն մը ը­րաւ 2016-ի Ապ­րի­լի սկիզ­բին տե­ղի ու­նե­ցած քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի տա­րե­լի­ցին բե­րու­մով։ Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ բան­բե­րը ը­սաւ. «Տա­րի մը ա­ռաջ դադ­րե­ցան 2-5 Ապ­րի­լին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ ծա­ւա­լուած եւ տա­րած­քաշր­ջա­նի բնակ­չու­թիւ­նը վշտով հա­մա­կած պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Որ­պէս Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ՝ Ֆրան­սա, ռուս եւ ա­մե­րի­կա­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ շարժ­ման ան­ցուց իր ու­ժե­րը մար­տե­րը դադ­րեց­նե­լու եւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը վերսկ­սե­լու ուղ­ղու­թեամբ»։

Այս առ­թիւ Ֆրան­սա վե­րա­հաս­տա­տեց իր հա­մո­զու­մը, թէ ներ­կայ կար­գա­վի­ճա­կը պաշտ­պա­նու­նակ չէ եւ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը չի կրնար լու­ծուիլ ռազ­մա­կան ճա­նա­պար­հով։ Ֆրան­սա կոչ կ՚ուղ­ղէ կող­մե­րուն յար­գել կրա­կի դադ­րեց­ման, վստա­հու­թեան դրու­թիւն­նե­րու եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը վերսկ­սե­լու մա­սին ան­ցեալ տա­րուան Մա­յի­սի 16-ին Վիեն­նա­յի եւ Յու­նի­սի 20-ին Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ստանձ­նուած յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը։ Մատ­նան­շուե­ցաւ նաեւ, որ վեր­ջերս Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ իր հայ եւ ա­զէ­րի պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն հետ ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին վե­րա­հաս­տա­տած է հա­կա­մար­տու­թեան բա­նակ­ցուած եւ տե­ւա­կան, ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նի կա­յու­նու­թեան եւ բա­րե­կե­ցու­թեան հա­մար նպաս­տա­ւոր լու­ծում մը գտնե­լու ուղ­ղեալ Ֆրան­սա­յի լիա­տա­կար յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։

Ֆրան­սա­ցի բան­բե­րի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր, վեր­ջին օ­րե­րուն Օ­լանտն ալ Պա­քու ու­ղար­կած նա­մա­կի մը մէջ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ֆրան­սա աշ­խու­ժօ­րէն կ՚աշ­խա­տի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Իր կար­գին, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վան ալ անդ­րա­դար­ձաւ քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի տա­րե­լի­ցին։ Իր խօս­քե­րով, Մոս­կուա յոյս ու­նի, թէ հա­կա­մարտ կող­մե­րը կը վե­րա­դառ­նան բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նի շուրջ ու կը վերսկ­սին երկ­խօ­սու­թեան՝ ուղ­ղուած կա­յուն կար­գա­ւոր­ման։ Ան յի­շե­ցուց, որ տա­րի մը ա­ռաջ Մոս­կուա­յի մէջ ձեռք բե­րուած էր պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն՝ հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս շփման գծին վրայ լայ­նա­ծա­ւալ մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու դադ­րեց­ման մա­սին։ «Սա 1994-ին կնքուած հրա­դա­դա­րի ա­մե­նա­լուրջ խախ­տումն էր։ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ ձեռ­նար­կուած են աշ­խոյժ ջան­քեր, ո­րոնք ուղ­ղուած են հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ի­րա­վի­ճա­կի կա­յու­նաց­ման եւ խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու հա­մար պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման», ը­սաւ Զա­խա­րո­վա եւ ա­ւել­ցուց, թէ մաս­նա­ւո­րա­պէս այս նիւ­թին նուի­րուած էին ան­ցեալ տա­րի Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րը։ Այդ ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ։ «Մենք յոյս ու­նինք, որ կող­մե­րը կը վե­րա­դառ­նան բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նի շուրջ ու կը վե­րա­կանգ­նեն երկ­խօ­սու­թիւ­նը, որ ուղ­ղուած է կա­յուն կար­գա­ւոր­ման ա­պա­հով­ման», եզ­րա­փա­կեց Զա­խա­րո­վա։

Միւս կող­մէ, Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն հեր­թա­կան ան­գամ անդ­րա­դար­ձաւ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ կա­ցու­թեան։ Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը դար­ձեալ յի­շե­ցու­ցին, որ ո­չինչ հա­մա­ձայ­նե­ցուած է, երբ ա­մէն ինչ հա­մա­ձայ­նե­ցուած չէ։ tert.am կայ­քէ­ջին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բան­բե­րը՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան անդ­րա­դար­ձաւ վեր­ջին դի­ւա­նա­գի­տա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սաւ. «Երբ մենք կը խօ­սինք հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման մա­սին, պէտք է զայն դի­տար­կենք եր­կու հար­թու­թեան մէջ։ Ա­ռա­ջի­նը՝ բուն կար­գա­ւո­րումն է, այ­սինքն՝ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մէջ յա­ռա­ջըն­թաց մին­չեւ վերջ­նա­կան լու­ծում։ Երկ­րոր­դը՝ կա­յու­նու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան պահ­պա­նումն է, ինչ որ նոյն­պէս շատ բարդ է, այս ուղ­ղու­թեամբ նոյն­պէս կ՚աշ­խա­տին գեր­տէ­րու­թիւն­նե­րը եւ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը։ Հի­մա, քա­նի որ կող­մե­րու մի­ջեւ ընդ­հա­նուր յայ­տա­րա­րի մը նա­խադ­րեալ­նե­րը չկան, ա­մե­նա­կա­րե­ւոր ուղ­ղու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ կա­յու­նու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան պահ­պա­նու­մը տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս»։

Բաց աս­տի, Դա­ւիթ Պա­պա­յեա­նի խօս­քե­րով, անհ­րա­ժեշտ են շարք մը նա­խադ­րեալ­ներ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար։ Ըստ ի­րեն, ա­ռա­ջին հեր­թին պէտք է վե­րա­կանգ­նուի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու լիար­ժէք ձե­ւա­չա­փը։ Սոյն հար­ցը այս պա­հուն կար­գա­ւո­րուած չէ, այ­սինքն՝ Ար­ցախ որ­պէս լիար­ժէք կողմ չի մաս­նակ­ցիր բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին։ «Ե­թէ գերն­պա­տակ է այն մօ­տե­ցու­մը, թէ պի­տի վե­րա­կանգ­նուի Ատր­պէյ­ճա­նի խորհր­դա­յին հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, ա­պա սա ո­րե­ւէ ա­պա­գայ չու­նի», եզ­րա­փա­կեց Դա­ւիթ Պա­պա­յեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2017