BBC-ի Անդրադարձը. Հայաստանը՝ Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր
BBC հեղինակաւոր լրատուական կայքը՝ զբօսաշրջութիւն բաժնի մէջ՝ «Առաջին քրիստոնեայ երկիր» խորագրով յօդուած մը հրապարակած է՝ պատմելով Հայաստանի մասին:
ԿՐՕՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հայաստանը Եւրոպայի ամենափոքր պետութիւններէն մէկն է: Բայց երկիրը զգալի տեղ կը զբաղցնէ հոգեւոր պատմութեան մէջ. պատմաբաններուն մեծ մասը հաւատացած է, որ 301-ին Հայաստանը դարձաւ առաջին երկիրը, որ պաշտօնապէս ընդունեց քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն: Այսօր, հայերուն 95 տոկոսը քրիստոնեայ է:
ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Առասպելի համաձայն՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջին ղեկավարը Գրիգոր Լուսաւորիչն է, որուն հայրը՝ Անագը, սպաննած է հայոց Խոսրով Բ. թագաւորը: Գրիգորը կը պատժուի կատարուած յանցագործութեան համար: Գրիգոր, սակայն, կը յաջողի փախչիլ Կապադովկիա:
Որոշ ժամանակ անց, Գրիգոր կը վերադառնայ հայրենիք՝ յոյս ունենալով թագաւորն ու հայ ժողովուրդը քրիստոնեայ դարձնել: Իմանալով Գրիգորի վերադարձին մասին՝ սպաննուած Խոսրով Բ. թագաւորի որդին՝ Տրդատ Գ. թագաւորը, կը բանտարկէ Գրիգորը: Թագաւորը կը պնդէր, որպէսզի ան հրաժարի քրիստոնէութենէն: Շուրջ տասներեք տարի անազատութեան մէջ անցընելէ ետք՝ Գրիգոր կը յաջողի Տրդատը համոզել, որ հաւատքը մեծ ուժ ունի: Իբրեւ արդիւնք՝ թագաւորը 301-ին քրիստոնէութիւնը կ՚ընդունի իբրեւ պետական կրօն:
ԱՆՑԵԱԼԻ ՀԵՏՔԵՐ
Գառնիի ամրոցը կը գտնուի Կոտայքի մարզին մէջ՝ Գառնի գիւղ: Անիկա կառուցուած է Ն.Ք. առաջին դարուն՝ Տրդատ առաջինի կողմէ: Տաճարը կառուցուած է հայկական դիցաբանութեան Արեւի որդիին համար: Երբ Տրդատը քրիստոնէութիւնը ճանչցաւ իբրեւ պետական կրօն, հեթանոսական շատ տաճարներ քանդուեցան, բայց Գառնին այն քիչերէն է, որ կանգուն է մինչեւ այսօր: Այսօր անիկա հայկական հեթանոսութեան խորհրդանիշ է, տարեկան կ՚ունենայ աւելի քան 136 հազար այցելու: Գառնին հայկական զբօսաշրջութեան ամենայայտնի վայրերէն մին է:
ՍՈՒՐԲԻ ԵԿԵՂԵՑԻ
Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւանէն արեւմուտք կը գտնը-ւի Վաղարշապատը, որ յայտնի է «Սուրբ մայրաքաղաք» անունով: Այստեղ տեղակայուած է Սուրբ Գայիանէ եկեղեցին, որ կառուցուած է 630-ին եւ այժմ ներառուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ: Սուրբ Գայիանէ եկեղեցին կառուցուած է Գայիանէի կոյսի մահապատիժի վայրին մէջ։ Կոյսը սպաննած է Տրդատ Գ. թագաւորը՝ քրիստոնեայ ըլլալուն համար: Գայիանէի աճիւնը ամփոփուած է եկեղեցւոյ մէջ:
ՆԱԽԿԻՆ ՓՈՍ
Խոր Վիրապի վանքը տեղակայուած է Արարատեան դաշտավայրին մէջ: Այստեղ է, որ բանտարկուած է Գրիգոր Լուսաւորիչը Հայաստան վերադառնալէն ետք: Խոր Վիրապի մատուռը կառուցուած է 642 թուականին՝ ի յիշատակ Գրիգոր Լուսաւորիչի: Այսօր Խոր Վիրապը Հայաստանի ամենաշատ այցելուող վայրերէն մին է:
ԱՂՕԹՔ ՔԱՐԱՆՁԱՒԻ ՄԷՋ
Գառնիէն հիւսիս-արեւելք կը գտնուի Գեղարդի վանքը, որ նոյնպէս ներառուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ: Ըստ աւանդութեան՝ առաջին վանքը հիմնուած է չորրորդ դարուն սկիզբը, երբ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը հռչակուած է պետական կրօն: Անիկա յայտնի է իբրեւ «Այրիվանք» կամ «Քարայրներու վանք»: Վանքին հիմնադրումը աւանդաբար կը վերագրեն հայոց առաջին կաթողիկոս Գրիգոր Լուսաւորիչին: «Գե-ղարդ» անուանումը կը բացատրուի այնպէս, թէ այնտեղ հինգ հարիւր տարի պահուած էր սուրբ Գեղարդը՝ այն նուիրական նիզակը, որով Գողգոթայի մէջ հռոմէացի հարիւրապետը խոցած էր խաչուած Յիսուս Քրիստոսի կողը:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, BBC-ն կ՚անդրադառնայ նաեւ Զօրաց եկեղեցիին, խաչքարերուն, ինչպէս նաեւ Սիսիանի մէջ գտնուող Քարահունջին, որ կը համեմատէ անգլիական Սթոունհենջի հետ: