ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրեալ-նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն տեսակցեցաւ արժանթինահայ գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան այցելեց «Թիէրաս տէ Արմենիա» (Հայաստանի հողեր) ընկերութիւնը։ Արմէն Սարգսեան եւ Էտուարտօ Էրնէքեան միասնաբար շրջայց մը կատարեցին այդ ընդարձակ տնտեսութեան տարածքէն ներս, այցելեցին գինիի գործարանը։ Էտուարտօ Էրնէքեան բացատրութիւններ տուաւ ցայսօր կատարուած աշխատանքին, ապագայ ընելիքներուն եւ ծրագրերուն շուրջ։

Արմէն Սարգսեան եւ Էտուարտօ Էրնէքեան խօսեցան նաեւ Հայաստանի զարգացման հեռանկարներուն, երկրի տնտեսութեան տեսակէտէ առաջնահերթ նշանակութեամբ ոլորտներու մէջ ներդրումային ծրագրերու իրականացման հնարաւորութիւններու մասին։ Արմէն Սարգսեան բարձր գնահատեց Էտուարտօ Էրնէքեանի ներդրումը ոչ միայն տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ, այլ նաեւ այն առումով, որ ան Հայաստան տարած է գործարար նոր մշակոյթ, մտածելակերպ, աշխատաոճ ու մօտեցում։

Հարկ է նշել, որ Էտուարտօ Էրնէքեան արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոսի կոչման։

Շաբաթ, Ապրիլ 7, 2018