ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աւարտեց դէպի Իտալիա ուղեւորութիւնը։ Վատիկանի մէջ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման մասնակցելով՝ ան պաշտօնական այց մը տուաւ դէպի Սուրբ Աթոռ։ Սերժ Սարգսեան ապա շփումները շարունակեց դէպի Հռոմ աշխատանքային այցելութեան ձեւաչափին մէջ։ Երէկ, ան ընդունուեցաւ Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի կողմէ։ Երկու ղեկավարները ունեցան ջերմ զրոյց մը։ Սա Սերժ Սարգսեանի՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ արտասահմանեան վերջին այցելութիւնն է, որովհետեւ Երկուշաբթի կը լրանայ իր պաշտօնավարութեան ժամկէտը։ Սերժ Սարգսեան եւ Սերճիօ Մաթարելլա քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ անդրադարձան հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանի ռազմավարական նշանակութեան։

Նախագահ Մաթարելլայի առընթեր, Սերժ Սարգսեան Հռոմի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահ Մարիա Էլիզապեթա Քազելաթիի եւ Երեսփոխանական պալատի նախագահ Ռոպերթօ Ֆիքոյի հետ։

Շաբաթ, Ապրիլ 7, 2018