ՆՈՐ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾ ՈՍՏՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ քորոնաժահրի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Իսթանպուլէ ներս գործել պիտի սկսի համավարակի երկու մեծ հիւանդանոց։ Այս հսկայական համավարակի հիւանդանոցներէն մին պիտի խարսխուի Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանի տարածքէն, իսկ միւսը՝ Սանճաքթեփէի օդակայանի տարածքէն ներս։ Այս հիւանդանոցներէն իւրաքանչիւրը հազար հիւանդ ընդունելու տարողութիւն պիտի ունենայ։ Կը նախատեսուի, որ 45 օրուայ ընթացքին անոնք սկսին ծառայութիւն մատուցել։ Նախագահ Էրտողան երէկուան ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Թուրքիա պիտի յաղթահարէ այս համաճարակը եւ առկայ դժուարութիւնները պիտի հարթուին միասնականութեամբ։

Միւս կողմէ, երէկ Թուրքիոյ մէջ եւս 75 հոգի զոհ գնաց համավարակին։ Այսպէսով քորոնաժահրի հետեւանքով մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 649-ի։

Երէկուան դրութեամբ կատարուած է 21 հազար 400 նոր քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 3 հազար 148 նոր վարակեալ։ Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ հիւանդներու թիւն է՝ 30 հազար 217-ը։

Միւս կողմէ, միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ քորոնաժահրի համաճարակի տարածման թափը որոշ չափով դանդաղած է Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ նման Եւրոպայի յառաջատար երկիրներուն մէջ։ Եւրոմիութեան երկիրներու շարքին Աւստրիան եղած է այն առաջին երկիրը, որ համաճարակի սահմանափակումներէն վերջ առաջին քայլը առած է կեանքը բնականոն հունի վերադարձնելու համար։ Մինչ այս բոլորը կ՚ընկալուին վերապահ լաւատեսութեամբ, Անգլիոյ մէջ վարչապետ Պորիս Ճանսըն խտացեալ խնամքի տակ առնուած է, իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ դժուար շրջանը կը շարունակուի։ ԱՄՆ-է ներս զոհերու թիւը անցած է 10 հազարի շեմը եւ կարգ մը պաշտօնատարներ յայտարարած են, որ իրավիճակը վերահսկողութենէ դուրս է։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020