ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ՄԸ ՍԿԻԶԲԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս կազմակերպուած գագաթաժողովը կու գայ նոր սկիզբ մը բնորոշել Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, Անգարա-Պրիւքսել առանցքին վրայ վերջին տարիներուն կաթուածահար կացութիւն մը ստեղծուած էր եւ այդ մէկը Միջերկրականի արեւելքին անցեալ ամառ պատահած իրադարձութիւններով հասած էր գագաթանակէտին։ Յաջորդող շրջանին կողմերը սկսան ջանքեր գործադրել այդ անելը յաղթահարելու նպատակով։ Աստիճանաբար հանրային կարծիքը հաղորդ դարձաւ, թէ այդ ջանքերը հասունութեան որոշ մակարդակի մը հասած էին։ Իսկ Անգարայի երէկուան գագաթաժողովը եկաւ վերջնականօրէն վերահաստատել, թէ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւններուն մէջ նոր շրջան մը կը սկսի եւ կողմերը համագործակցութեան վճռակամութիւնով եւ խնդիրները յաղթահարելու ուղղեալ պատրաստակամութիւնով տրամադրուած են այս նոր գործընթացին համար։

Ըստ Անգարայէ հասած լուրերուն, երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին սեղանի վրայ դրուեցան կողմերու միջեւ առկայ խնդրայարոյց բոլոր նիւթերը՝ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ճանապարհին։ Շուրջ տարի մը վերջ կողմերու միջեւ առաջին դէմքերու մակարդակով շփում մը տեղի ունեցաւ։ Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ վերջնական նպատակն է Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դառնալը։ Թրքական կողմը արտայայտեց իր ակնկալութիւնները, որպէսզի Եւրոմիութիւնը խրախուսէ դրական օրակարգը շօշափելի քայլերով եւ թոյլ չտրուի, որ ԵՄ-ի անդամ կարգ մը երկիրներ գերեվարեն յարաբերութիւնները։

Անգարայի մէջ Շարլ Միշել յայտնեց, որ զարգացման յառած օրակարգով եւրոպական կողմը կ՚երկարէ իր ձեռքը եւ վերջին ամիսներու դրական իրադարձութիւնները պէտք է շարունակուին։ Իր կարգին, Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնն ալ յայտնեց, որ այժմու բոլոր իրադարձութիւնները կու գան բնորոշել նոր գործընթացի մը սկիզբը։

Նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ երէկուան շփումները ընդհանուր առմամբ շատ դրական մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած են։ Նախագահ Էրտողան ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններու ապագային շուրջ Թուրքիոյ հեռանկարները յստակօրէն ի յայտ բերած է՝ ընդգծելով, որ Անգարայի վերջնական նպատակն է լիիրաւ անդամակցութիւնը։

Ինչպէս արդէն գագաթաժողովէն առաջ կը նախատեսուէր, երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան գաղթի համաձայնութեան այժմէականացումը, Մաքսային միութեան համաձայնութեան թարմացումը, թրքահպատակներու պարագային վիզաներու ազատականացումը, ժողովուրդներու միջեւ շփումները, բարձր մակարդակով քաղաքական խորհրդակցութիւնները։ Շեշտուեցաւ, որ Թուրքիա-ԵՄ քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական յարաբերութիւններու ամրացումը թէ՛ կողմերու կայունութեան եւ թէ համաշխարհային կայունութեան տեսակէտէ նպաստաւոր պիտի ըլլայ։

Մատնանշուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կարեւորութիւնը։ Մնայուն կայունութեան եւ անվտանգութեան տեսակէտէ կարեւորուեցաւ ամէն տեսակ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ ազդու եւ համատեղ պայքարի անհրաժեշտութիւնը։

Գագաթաժողովի մասնակիցները արժեւորեցին քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի վերաբերեալ իրադարձութիւնները, պատուաստումի գործընթացները եւ հաւանական համագործակցութեան ոլորտները։

Անգարայի մէջ շեշտուեցաւ, որ Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի երկիրներու հասարակաց շահերուն տեսակէտէ նպաստաւոր է տարածքաշրջանային տագնապներուն համար մշտական լուծումներու գտնուիլը։ Այս ամբողջին մէջ կողմերը շօշափեցին  Սուրիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Միջերկրականի արեւելքի վերաբերեալ խնդիրները։ Նախագահ Էրտողանի կողմէ առաջարկուած Արեւելեան Միջերկրականի խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը եւս ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Կողմերը նշեցին, որ սա կարեւոր դեր մը կրնայ խաղալ՝ Միջերկրականը խաղաղութեան ծովու մը վերածելու ճանապարհին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2021