ԴԷՊԻ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՈՐԻԶՈՆԻՆ ՎՐԱՅ Կ՚ՈՒՐՈՒԱԳԾՈՒԻ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ՄԵՆԱՄԱՐՏԸ

Նոր օրակարգ մը կը բացուի Հայաստանի մէջ։ Խօսքը, անշուշտ, արտահերթ ընտրութիւններու մասին է, որ դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով պիտի վերածուի քաղաքական իրավիճակը վերահունաւորելիք գործընթացի մը։

Ի դէպ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մեծամասնութեան տէր՝ «Իմ քայլը» խմբակցութեան երեսփոխանները քուէարկած են՝ արտահերթ ընտրութիւնները միայն համամասնական ձեւով կատարելու համար։ Ժողովրդավարական սկզբունքներու հետամուտ որեւէ երկրի մէջ երբեք նորութիւն չի հանդիսանար կամ պիտի չհանդիսանայ այն մօտեցումը, ըստ որուն ընտրութեան մը մասնակից քաղաքական բոլոր ուժերը միանշանակ գոհ ըլլան ընտրական օրէնքէն։ Գաղտնիք չէ նաեւ, որ որեւէ իշխանութիւն պիտի փորձէ ամէն ճիգ ի գործ դնել, որպէսզի առաւելագոյնս օգտուի վարչական լծակներէն՝ իր յոյսերուն մեծ մասն ալ կուտակելով ընտրական որեւէ օրինագծի ուսերուն։ Անցեալին այդպէս էր պատկերը, այսօր եւս այդպէս պիտի ըլլայ՝ հակառակ անոր, որ շատ մը առումներով այդ նոյն ընտրական օրէնքի կիրառումը ինչ-որ տեղ իշխանութեան վրայ ուղղուած անշեղ հրացան մըն է եւ որեւէ իշխանութիւն, որ ինչ-ինչ ընդունելի կամ մերժելի ձեւերով դարձեալ կը ստանձնէ երկիրի ղեկը, ամէն օր կը զիջի իր օրինականութենէն ու կամաց-կամաց կը բռնէ պարտութեան ճամբան։ Ժողովուրդները կը ձանձրանան իշխանութենէն։ Այս խօսքը գուցէ քաղաքական բառարաններուն մէջ տեսաբանական բացատրութիւն մը չունենայ, բայց եւ այնպէս՝ մասնաւորապէս փոքր երկիրներու պարագային, նոյն դէմքերը տեսնելու ձանձրոյթով տագնապելու հասարակութեան միտումները խաղը կը դարձնեն որոշակիօրէն անյստակ եւ յաճախ ալ անկառավարելի։ Խնդիրը այն է, որ այսօր 2018 թուականին փողոցները փակած եւ Սերժ Սարգսեանը հրաժարելու «ստիպած» հասարակութիւնը չունի անցեալի ներուժը։ Եւ այս փաստին վրայ եթէ ինչ-որ առումով աւելցնենք Հայաստանի առկայ կարծրատիպերը, որոնց պսակը կը հանդիսանայ «միայն թէ հիները չգան» խօսքը, ապա աւելի քան պարզ կը դառնայ, որ յառաջիկայ ընտրութիւնները մեծ անակնկալ մը պիտի չբերեն երկրին։

Հայաստանի ընտրողներու մեծ մասը, եթէ նոյնիսկ ժխտական համարում մը ունի իշխանութեան եւ զայն գլխաւորող Նիկոլ Փաշինեանին դէմ, պիտի չընտրէ այդ ուժին դէմ հանդէս եկող ուժը կամ ուժերը, եթէ անոնք ինչ-որ տեղ առընչութիւն ունենան «նախկին» համակարգերուն հետ։ Իսկ ընթացքը գնահատելու փորձերուն տեսակէտէ բնաւ զարմանալի չէ այս մօտեցումը, որովհետեւ թէ՛ այժմու իշխանութիւնները եւ թէ նախկին իշխանութիւնները ոչ մէկ ձեւով փորձեցին ինքնաքննութիւն կատարել եւ հրապարակ գալ գործնական ու յստակ ծրագիրներով։ Փաշինեանի օրակարգը կը շարունակէ մնալ նոյնը։ Կայ անոր հին «երգը», որ կը մատուցուի միայն ու միայն «Մարտի մէկ»ի համեմներով՝ հակառակ անոր, որ նոյնինքն Փաշինեան իր եւ իր խմբակիցներու անլուրջ վերաբերմունքով աղէտի տարած է Հայաստանը։ Ան թացը չորին խառնեց, բոլոր տեսակի քաղաքական ընկալումները անարժէք դարձուց եւ, ամենավատը՝ այդ բոլորին մէջ խորագոյն փոսի մը մէջ նետեց Հայաստան-Ռուսաստան ռազմավարական յարաբերութիւնները։

Այս երեւոյթին դիմաց այսօրուան ընդդիմութիւնը կամ առնուազն այն ուժերը, որոնք մղիչը պիտի դառնային հաւանական իշխանափոխութեան մը, խաղի մէջ մտան բաւական թոյլ թեզերով՝ իրենց խօսոյթի գլխաւոր առանցքը դարձնելով Փաշինեանի անձը ատելու մղումը։ Հակառակ Հայաստանի գլխուն եկած մեծ փորձանքներուն, սա մնաց ու կը շարունակէ մնալ զէնք մը, որ չ՚աշխատիր։ Ու անոնք փոխանակ աւելի՛ յստակ, աւելի՛ ճիշդ եւ աւելի իրատեսական մօտեցումներով, նաեւ գործը շեշտադրող ելակէտներով հանդէս գալու, անցնող տարիներու բոլոր բացթողումները մէկդի նետելով՝ կրակ բացին Փաշինեանին վրայ, որ շատ ճարպիկօրէն կարողացաւ օգտուիլ այդ վիճակէն ու դարձեալ շողոքորթելով պահուըտեցաւ «խօսքը՝ ժողովուրդինն է» մօտեցումին ետեւ։ Ան հարթակ բարձրանալով ու կրկին ձեռնածելով ժողովուրդի սիրտէն խօսելու հնարքը գործի դնելով յայտարարեց՝ «վե՛րջ թաւիշ»ին. այն կեղծ թաւիշին, որ մինչեւ հիմա կը շարունակէ քար առ քար կազմալուծել փոքրիկ Հայաստանը։

Այս պատկերով Հայաստան պիտի մտնէ նախընտրական փուլի մը, որ յար եւ նման վերջին ընտրութիւններուն (2018, դեկտեմբեր), պիտի ըլլայ երկրին համար առաւելագոյն աշխուժութեան արժանին։ Բայց եւ այնպէս, թէկուզ նոյնիսկ տխուր կանխատեսումով մը այս ընտրութիւնը թեկնածու է դառնալու նուազագոյն աշխոյժը։

«ՄԵՆԱՄԱՐՏԸ» ՊԻՏԻ ԳԱՅ

Օրեր առաջ ուշագրաւ հրապարակում մը լոյս տեսաւ ռուսական «Քոմերսանտ»ին մէջ։ Պարբերականը անդրադառնալով Հայաստանի մէջ նախատեսուած արտահերթ ընտրութեան՝ կը գրէր, որ Փաշինեան այդ մէկը  յենարան պիտի դարձնէ իր իշխանութիւնը երկարաձգելու համար։ Մինչեւ այստեղ զարմանալի բան չկայ, սակայն, նոյն հրապարակումին մէջ ամբողջ առանցքը փոխելով կամ փակագիծերը բանալով կը մատնանշուէր Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի թիւ 300.1 յօդուածի ջնջման նիւթը։ Այնտեղ լռելեայն կ՚ըսուէր եւ ձեւով մըն ալ կը ներկայացուէր ռուսական կողմի պաշտօնական «հանգստութիւն»ը՝ առնուած որոշումին վերաբերեալ։ Անշուշտ, այս օրէնքի ջնջուիլը, նաեւ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած զարգացումները նոր շերտափուլ մը պիտի բնորոշեն Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան մէջ, այդ բոլորը գետին պիտի պատրաստեն՝ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի քաղաքական «մեծ վերադարձ»ի ճանապարհին։

Վարդերով պիտի չգայ Ռոպերթ Քոչարեան, այդ իր ոճը չէ, սակայն կան մի քանի ազդանշաններ, թէ երկրորդ նախագահին եւ Փաշինեանի միջեւ մղուելիք պայքարը պիտի ըլլայ բաւական սուր եւ յաճախ ալ անկանխատեսելի։

Հայաստանի պարզած պատկերին պէտք է նայիլ կամ փորձել նայիլ ընդհանուր պրիսմակով մը, ուրկէ ի յայտ կու գայ, որ Կովկասի զարգացումները երբեք զերծ չեն Միացեալ Նահանգներ-Ռուսաստան մեծ պայքարի ազդեցութենէն, ինչ որ յաճախ կ՚ընթանայ կոշտ օրինաչափութիւններով։

Սա հասկնալի կը դարձնէ, որ Քոչարեան «մեծ քաղաքականութիւն» կը վերադառնայ միայն ու միայն հաւասարակշռութիւնները իրենց նախկին հունին մէջ դնելու առաջադրանքով։ Կը յաջողի՞ ան. տակաւին վաղ է այդ հարցումին պատասխանելը, սակայն, աւելի քան յստակ է, որ հայկական խնդիրները նեղ պատուհաններէ դիտարկողներու համար անհասկնալի պիտի ըլլայ անոր դերակատարութիւնը՝ մանաւանդ, որ Ռուսաստանի համար ալ այս փուլին երբեք նախընտրելի չէ Հայաստանի ներքին հարցերուն միջամտելը։ Պէտք չէ անտեսուին նաեւ Մոսկուայի դիմագրաւած բազմապիսի եւ մեծ խնդիրները՝ Սուրիոյ կամ յատկապէս Ուքրայնոյ պարագային։

Այս հաւանականութիւններու լոյսին տակ կայ էական հարցում մը, որ կրնայ չարչրկել շատ-շատերը։ Սա կը վերաբերի Նիկոլ Փաշինեանի ընդհանուր կեց-ւածքին ու մանաւանդ՝ արտաքին արեւելումին։ Մարդ մը, որ իշխանութեան գլուխ գալէ ի վեր տակաւին չէ հասկցած, թէ ի՛նչ ջուրեր կը հոսին Կովկասի մէջ, ի՛նչ նոր դերաբաժանումներ կան եւ որո՛նք են իսկական խաղացողները։ Ան դժուար թէ ճիշդ կողմնորոշուի՝ մանաւանդ, որ ռուսական կողմն ալ զանազան առիթներով անվստահութիւն յայտնած է Փաշինեանին։ Իսկ Փաշինեան մեծ շրջադարձ մը կը կատարէ եւ դէպի Անգարա կը թեքի։ Բացառուած չէ, սակայն, որ սա ալ կրնայ վերջնական խեղում մը դառնալ այն նոյն մարդուն համար, որ ամիսներ առաջ Թուրքիոյ նախագահին դէմ ասպարէզ կը կարդար կամ Սեւրի դաշնագրին մասին կը խօսէր։

Ամէն պարագայի տակ, յառաջիկայ շաբաթները շատ կարեւոր են Հայաստանի համար ու չէ բացառուած, որ մինչեւ հիմա Փաշինեանի հրաժարականը պահանջած քաղաքական բոլոր ուժերը կարողանան բոլորուիլ անձի մը շուրջ։ Անշուշտ, այդ անձը Ռոպերթ Քոչարեանն է եւ այս ընթացքով ալ կրնայ սկսիլ Փաշինեան-Քոչարեան մենամարտի առաջին փուլը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2021