ՀԱՐՎԸՐՏԻ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու հարցերուն շուրջ վերջերս ասուլիս մը տեղի ունեցած է Հարվըրտի համալսարանէն ներս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Վաքըֆներու հարցերուն վերաբերեալ այս կարեւոր արտասահմանեան քննարկման արձագանգ հանդիսացած է «Անատոլու» գործակալութիւնը, որու աշխատակիցներէն Միւճահիտ Օքթայ մանրամասնութիւններ տեղեկացուցած է Նիւ Եորքի այս քննարկման շուրջ։ Համայնքային վաքըֆներու հարցերով մասնագէտ իրաւաբան Էօմէր Քանթիկ որպէս ատենախօս մասնակցած է Հարվըրտի համալսարանէն ներս կազմակերպուած այս հաւաքոյթին, զոր վարած է հիւրընկալ համալսարանի իրաւաբանութեան ֆաքիւլթէի նախկին տեսուչ փրոֆ. Մարթա Մինաու։ Նոյն հաւաքոյթին մասնակցութիւն բերած է նաեւ Էօմէր Քանթիկի իրաւաբան դուստրը՝ Տեսթինա Քանթիկ, որ եւս Հարվըրտի շրջանաւարտներէն մին է։

Այս հաւաքոյթի ընթացքին Էօմէր Քանթիկ բացատրութիւններ տուած է փոքրամասնական վաքըֆներու սեփականութեան իրաւունքի խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ առնուած աննախընթաց քայլերուն շուրջ։ Համապատասխան գործընթացը Թուրքիայէ ներս սկիզբ առած է Եւրոմիութեան համաձայնեցման օրէնքներու շրջանակներուն մէջ։ 2000-ական թուականներէն վերջ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներուն վերաբերեալ կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերադարձին շուրջ արձանագրուած զարգացումները եղած են աննախընթաց։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներուն շուրջ վիճակագրական տուեալներ տեղեկացնելէ վերջ  Էօմէր Քանթիկ դիտել տուած է, որ բուն բարելաւումները 2003 թուականին սկսած են։ 2002-ին եւ աւելի վերջ կատարուած օրէնսդրական կարգադրութիւններով եղած գործադրութիւնները Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ փոքրամասնութիւններու տեսակէտէ շատ կարեւոր փուլ մը կը համարուի։ Էօմէր Քանթիկ Հարվըրտի մէջ ընդգծած է, որ 2003-2018 թուականներուն ընդհանուր առմամբ 1084 կալուած վերադարձուած է փոքրամասնութիւններու վաքըֆներուն։ 21 կալուածի պարագային ալ որոշուած է հատուցում վճարել։ Այս բոլորը կ՚ապացուցանեն, որ սոյն գործընթացէն ներս օրէնսդիր իշխանութիւնները եղած են բարեացակամ։ Էօմէր Քանթիկ դիտել տուած է, որ զարգացումները այսքանով սահմանափակ չեն մնացած, Թուրքիա փոքրամասնութիւններու պարագային անհատներու սեփականութեան իրաւունքի խնդիրներն ալ փորձած է հաւասարակշռել կա՛մ հատուցում վճարելով եւ կամ սեփականութեան իրաւունքը վերահաստատելով։ Հարցումի մը պատասխանելով՝ Էօմէր Քանթիկ անդրադարձած է նաեւ Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանի այս նիւթին վերաբերեալ վճիռներուն։ Ան համոզուած է, թէ այդ վճիռները պէտք չէ ընկալուին որպէս ճնշման միջոց, այլ պէտք է որակուին որպէս ուղեցոյց։

Հուսկ, Էօմէր Քանթիկ նշած է, որ իր համոզմամբ՝ անցեալի դժուարութիւնները այլեւս մնացած են անցեալին եւ օրէնքներով երաշխաւորուած այս իրաւունքները այլեւս անշրջադարձելի կը համարուին։

Ինչպէս ծանօթ է, յայտնի իրաւաբանի մատնանշած ժամանակաշրջանին փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու սեփականութեան իրաւունքի վերաբերեալ խնդիրներու լուծման ճանապարհին էական յառաջընթաց արձանագրուած է։ Այս նոյն ժամանակաշրջանին, սակայն, փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցը մնացած է անլուծելի։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 7, 2022