ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ, ՆՈՐ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

Պրիւքսելի մէջ երէկ տեղի ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնները, որոնք կազմակերպուած էին Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ ու տեւեցին շուրջ չորս ժամ։ Եւրոմիութեան աղբիւրները ուշ երեկոյեան ժամերուն հաղորդեցին, որ տեսակցութիւնը եղած է շատ արդիւնաւէտ ու գերազանց։ Նոր հանդիպման մը զուգահեռ, նոր հարցականներ օրակարգի վրայ են, բնականաբար, մինչ երէկուան բանակցութիւններու լոյսին տակ Երեւանէն կատարուեցան սահմանափակ պաշտօնական հաղորդումներ, իսկ Եւրոպական Միութեան աղբիւրները շատ աւելի մանրամասն անդրադարձան արդիւնքներուն։ Այսպէս, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման համար մինչեւ ամսավերջ պիտի ստեղծուի երկկողմանի յանձնաժողով մը, որ հետամուտ պիտի ըլլայ նաեւ սահմանի վրայ անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման։ Փաշինեան եւ Ալիեւ միեւնոյն ժամանակ յանձնարարած են, որպէսզի արտաքին գործոց նախարարները նախապատրաստական աշխատանքներու սկսին՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու համար։

«Գերազանց ու շատ արդիւնաւէտ» որակուած հանդիպման կապակցութեամբ Պրիւքսելի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ շարք մը կարեւոր համաձայնութիւններ գոյացած են։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, կողմերու հրապարակումներուն մէջ այս պահուն կան որոշ հարցականներ։ Գլխաւորը կը համարուի՝ արդեօք Պաքու ընդունա՞ծ է խաղաղութեան համաձայնագրի իր հինգ կէտերէ բաղկացեալ առաջարկներէն վերջ Երեւանի կողմէ պաշտօնապէս հրապարակուած լրացումները՝ Արցախի ապագայ կարգավիճակի յստակեցման վերաբերեալ։ Շարլ Միշել միայն յայտնած է, որ այդ գործընթացէն ներս պիտի շօշափուին խաղաղութեան հաւանական համաձայնագրի վերաբերեալ բոլոր կարեւոր բաղադրիչները։ Յամենայնդէպս, ան մանրամասնութիւններ չէ նշած։

Բանակցութիւններու աւարտին հրապարակած իր ծաւալուն յայտարարութեան մէջ Շարլ Միշել նշած է, որ թէ՛ Ալիեւ եւ թէ Փաշինեան փափաք յայտնած են արագօրէն շարժիլ դէպի Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը։ «Ամենեւին չեմ թերագնահատեր երկու կողմերու մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները, սակայն, կը զգամ, թէ կայ յառաջընթաց արձանագրելու ընդհանուր փափաք։ Կայ համագործակցելու ընդհանուր ցանկութիւն, կայ առաջնահերթութիւնները որոշելու ցանկութիւն։ Վստահ եմ, թէ այս երեկոյ մենք քայլ կատարեցինք ճիշդ ուղղութեամբ», համոզուած է Շարլ Միշել։

Իր յայտարարութեան մէջ անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման կարեւորութեան՝ Շարլ Միշել շեշտած է, որ դէպքերու կանխարգիլման եւ լարուածութեան նուազեցման համար էական տարր կը համարուի ուժերու միջեւ համապատասխան հեռաւորութեան ապահովումը։ Երէկուան եռակողմանի հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր առմամբ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու եւ փոխադրութեան կապերու վերականգնումը։ Շարլ Միշել ողջունած է երկաթուղիներու վերականգնման ուղղեալ քայլերը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան Երեւանին եւ Պաքուին կոչ ուղղած է, որպէսզի առաւել արդիւնաւէտ լուծումներ գտնեն ցամաքուղիներու հաղորդակցութիւններու բացման ուղղութեամբ։ «Եւրոմիութիւնը պատրաստ է աջակցիլ փոխադարձ կապերու զարգացման, ներառեալ՝ իր Տնտեսական եւ ներդրումային ծրագրերուն համապատասխան՝ օգտագործելով առաջարկուած տնտեսական խորհրդատուական ձեւաչափը ընդհանուր նախագծերը բացայայտելու համար», նշուած է եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի յայտարարութեան մէջ։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին նաեւ ամփոփեցին իրենց վերջին շփումներէն յետոյ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները։ Անոնք վերատեսութեան ենթարկեցին ստանձնուած պարտաւորութիւններու կատարման գծով յառաջընթացը։ Քննարկուեցաւ նաեւ վերջին շրջանի լարուածութիւնը։ Փաշինեան եւ Ալիեւ վերահաստատեցին 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի յայտարարութեան դրոյթներուն լիովին հաւատարիմ մնալու անհրաժեշտութիւնը։ Շարլ Միշել նաեւ ընդգծեց երկու կողմերու մարդասիրական շարժոյթներու կարեւորութիւնը՝ վստահութեան ու խաղաղ գոյակցութեան խթանման տեսակէտէ։ Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է արագօրէն լուծել բոլոր մարդասիրական խնդիրները՝ ներառեալ գերիներու ազատ արձակումը, կորսուածներու հիմնախնդրի համակողմանի լուծումը։ Շարլ Միշել վերահաստատեց, որ ԵՄ կ՚աջակցի այդ հարցերու լուծման, ինչպէս նաեւ փոխադարձ վստահութեան վերականգնման ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն, ականազերծման ջանքերուն։ Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Եւրոմիութիւնը պատրաստ է օգնութիւն տրամադրել նաեւ աւելի քան մէկուկէս տարի առաջ տեղի ունեցած պատերազմի հետեւանքով տուժած բնակչութեան։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մասնակցութեամբ քանի մը ժամ տեւած քննարկումներու վերաբերեալ Եւրոմիութեան ծաւալուն յայտարարութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մասին որեւէ յիշատակում չէ կատարուած։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանը այս հանգամանքը մատնանշելով՝ յիշեցուցած է, որ միայն հայկական կողմի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ ակնարկութիւն  մը եղած է Արցախի հիմնախնդրին։ «Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու վերջին գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած իրավիճակին, մարդասիրական խնդիրներուն», նշուած է Երեւանէն հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Հայկական կողմի հրապարակումներուն մէջ անդրադարձ կատարուած է նախապէս Երեւան-Մոսկուա-Պաքու եւ Երեւան-Պրիւքսել-Պաքու առանցքներու վրայ կատարուած յայտարարութիւններուն ու գոյացած համաձայնութիւններուն։

Ի լրումն այս բոլորին, Շարլ Միշել վերահաստատած է Եւրոմիութեան յանձնառութիւնը՝ խորացնելու համար համագործակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ, սերտօրէն աշխատելու համար լարուածութիւնը յաղթահարելու ուղղութեամբ եւ ապահովելու համար, որ Հարաւային Կովկասը ըլլայ անվտանգ, կայուն, խաղաղ եւ բարգաւաճ՝ ի շահ տարածաշրջանի բոլոր բնակիչներուն։

Անոնք քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս վերջերս ստեղծուած լարուածութիւնը։ Շարլ Միշելի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ երկկողմանի սահմանազատումն ու սահմանագծումը կարեւոր նշանակութիւն կ՚ունենայ։ Շարլ Միշել նաեւ շեշտած է, որ զօրքերու միջեւ համապատասխան հեռաւորութեան ապահովումը դէպքերու կանխարգիլման եւ լարուածութեան նուազեցման էական տարր մըն է։ Ան վերահաստատած է Եւրոմիութեան պատրաստակամութիւնը՝ տրամադրելու խորհրդատուութիւն եւ աջակցութիւն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 7, 2022