ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԸ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հրաւէրին ընդառաջ՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ։ Հիւր նախարարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Թուրքիա։ Լաւրովի ժամանումէն վերջ Չավուշօղլու աշխատանքային ընթրիք մը սարքեց իր ռուս պաշտօնակցին ի պատիւ։

Երէկուան աշխատանքային ընթրիքէն վերջ, Անգարայի մէջ տեղի կ՚ունենան թուրք-ռուսական բանակցութիւնները, որոնց օրակարգին վրայ կը գտնուին ուժանիւթի բնագաւառէ ներս համագործակցութիւնը, Ուքրայնայի պատերազմը, հացահատիկի գործարքը, Անգարա-Դամասկոս երկխօսութիւնը։ Ինչպէս արդէն նախապէս յայտարարուած էր, Չավուշօղլու-Լաւրով քննարկումներուն ժամանակ ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։

Մինչ այդ, Լաւրովի այցելութեան հետ գրեթէ նոյնաժամանակ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար Անգարայի համալսարաններէն մէկուն մէջ մասնակցեցաւ՝ հայկական հարցին շուրջ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը։ Նախարարը ընդհանուր առմամբ կրկնեց Թուրքիոյ մօտեցումները պատմական կնճռոտ հարցերուն կապակցութեամբ։ «Կը հաւատանք, թէ դարեր շարունակ հանդուրժողականութեան եւ խաղաղութեան պայմաններու ներքեւ ապրած թուրքերն ու հայերը կրնան կարգաւորել իրենց յարաբերութիւնները», ըսաւ Հուլուսի Աքար այդ հաւաքոյթի ընթացքին։

Միւս կողմէ, Երեւանէն ալ հաղորդուեցաւ, որ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Թեհրան, ուր Իրանի ղեկավարութեան հետ կը քննարկէ տարածաշրջանային բնոյթով հրատապ հարցեր։

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2023