ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Փեքինի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Թեհրան-Ռիատ առանցքին վրայ դրական իրադարձութիւններ ապահովել, ինչ որ Մերձաւոր Արեւելքի եւ համաշխարհային քաղաքականութեան հաւասարակշռութիւնները կը ձեւաւորէ։ Երէկ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Չին Կանկի միջնորդութեամբ Փեքինի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆարհանի միջեւ։ Սա արդէն աւելի առաջ Չինաստանի միջնորդութեամբ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան տրամաբանական շարունակութիւնն էր։ Փեքինի հանդիպման ընթացքին Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ արձանագրուեցաւ, որ կողմերը կը վերահաստատեն՝ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը, որպէսզի վերահաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւնները։ Ամենայն հաւանականութեամբ այդ քայլը մօտաւոր ապագային պիտի առնուի։ Միեւնոյն ժամանակ, յառաջիկային երկու երկիրներուն միջեւ պիտի սկսին ուղիղ թռիչքները։

Փեքինի երէկուան յայտարարութեան լոյսին տակ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարն ալ յայտնեց իր գոհունակութիւնը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2023