ՓԵՔԻՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ երէկ Փեքինի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ու Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնը։ Շի Ծինփինկ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ թէ՛ ունեցաւ առանձնազրոյցներ եւ թէ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ եռակողմանի ձեւաչափով։

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը եւ Ռուսաստան-Չինաստան յարաբերութիւններուն ընթացքը այս շրջանին արդէն Արեւմուտքի հրատապ օրակարգը կը բնորոշեն։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Եւրոմիութիւնը կը ջանայ Փեքինի հետ յարաբերութիւնները պահել հաւասարակշռուած հունի մը մէջ։ Կը հաղորդուի, որ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին Շի Ծինփինկին կոչ ուղղած է, որպէսզի խելքի հրաւիրէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Յամենայնդէպս, Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնն ալ Փեքինի մէջ յայտնած է, որ Չինաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները որոշ չափով բարդացած են։

Արեւմուտքը թէեւ այս փուլին Փեքինի հաւանական միջնորդութեան վրայ յոյս դրած է, սակայն, Մոսկուա երէկ արդէն կանխաւ այդ դուռը փակեց։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Փեքին իրականութեան մէջ հրաշալի եւ ազդու միջնորդ մը ըլլալու ներուժը ունի։ Յամենայնդէպս, ըստ Փեսքովի, Ուքրայնայի իրավիճակը բարդ է։ Քաղաքական լուծման մը հաւանականութիւնը այս պահուն գոյութիւն չունի եւ յատուկ գործողութիւնը տեւականացնելէ զատ ճար չկայ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2023