«ՊԱՏՈՒՈՅ ՇՔԱՆՇԱՆ»

Ռու­սաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տա­գէտ, Սէն Փե­թերս­պուր­կի Պա­լէի պե­տա­կան ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Պո­րիս Էյֆ­ման պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Պա­տուոյ շքան­շա­նով։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան այս պար­գե­ւը վեր­ջերս հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ յանձ­նեց ռուս յայտ­նի ա­րուես­տա­գէ­տին։ Պո­րիս Էյֆ­մա­նին այդ շքան­շա­նը շնոր­հուե­ցաւ՝ հայ-ռու­սա­կան մշա­կու­թա­յին կա­պե­րու զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ ներդ­րած նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դին հա­մար։

«Էյֆ­մա­նը կա­խար­դա­կան մարդ է։ Ան բե­մին վրայ հրաշք կը գոր­ծէ ու դուն կը դառ­նաս հրաշ­քի ա­կա­նա­տես», ը­սաւ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։

Հարկ է նշել, որ Պո­րիս Էյֆ­ման վեր­ջերս այ­ցե­լած էր Ե­րե­ւան, ուր իր ղե­կա­վա­րած խում­բը հան­դէս ե­կած էր ե­լոյ­թով մը։ Ռուս ա­րուես­տա­գէ­տը շատ դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներ ար­տա­յայ­տած էր Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­ժա­նա­ցած ըն­դու­նե­լու­թեան շուրջ։ 

Շաբաթ, Մայիս 7, 2016