ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եւ գրա­կա­նու­թիւն. իս­րա­յէ­լա­կան եւ հայ­կա­կան հա­մե­մա­տա­կան հե­ռան­կար­նե­րը» նիւ­թին ձօ­նուած գի­տա­ժո­ղով մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս գի­տա­կան հա­ւա­քոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան Իս­րա­յէ­լէն խումբ մը մտա­ւո­րա­կան­ներ, ո­րոնց շար­քին էր Ա­մոս Կոլտ­պերկ։ Այս վեր­ջի­նը գի­տա­ժո­ղո­վի բաց­ման ժա­մա­նակ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցուց, որ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ գի­տա­ժո­ղով մը։ Ա­մոս Կոլտ­պերկ Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­մալ­սա­րա­նի հո­լո­քոս­տա­գի­տու­թեան գի­ծով ա­ւագ դա­սա­խօսն է։ Ան շեշ­տեց, թէ մօ­տա­լուտ ծրագ­րին մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րեն լա­ւա­գոյն հայ մաս­նա­գէտ­նե­րը։ Ան­ցեալ տա­րի եւս տե­ղի ու­նե­ցած էր նման մեծ գի­տա­ժո­ղով մը, այս տա­րի ալ պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի երկ­րորդ մը։ «Սա այն է, ինչ որ մենք կրնանք ը­նել», ը­սաւ Կոլտ­պերկ եւ ա­ւել­ցուց, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րուն ճա­նա­չու­մը քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց մըն է։ Ան խոս­տո­վա­նե­ցաւ, թէ որ­պէս հրեայ շատ ա­մօթ կը զգայ, որ իր եր­կի­րը չի ճանչ­նար Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ ա­ւե­լին՝ ազ­դած է այլ եր­կիր­նե­րու վրայ, որ­պէս­զի ա­նոնք ալ չճանչ­նան՝ դի­ւա­նա­գի­տա­կան նրբու­թիւն­նե­րու բե­րու­մով։ Ե­րե­ւա­նի նոյն գի­տա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր վի­պա­գիր Օ­րա Ա­հի­մէյր, որ վի­պա­գիր է, խմբա­գիր եւ հիմ­նա­դիրն ու նախ­կին տնօ­րէ­նու­հին՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի Իս­րա­յէ­լա­գի­տու­թեան կա­ճա­ռի։ Ան հե­ղի­նա­կած է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին վէպ մը, որ լոյս պի­տի տես­նէ այս տա­րի։

Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած գի­տա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր պատ­մա­բան Եա­հիր Աու­րոն, որ ը­սաւ. «Հրեա­նե­րը ա­ռա­ջին­նե­րէն պէտք է ըլ­լան հա­յե­րու կող­քին, սա­կայն, դժբախ­տա­բար, մենք մեր­ժող­նե­րէն ենք։ Մեր­ժե­լով Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը մենք կը դա­ւա­ճա­նենք Հո­լո­քոս­տի զո­հե­րուն եւ ա­նոնց յի­շա­տա­կին»։

Ե­րե­ւան այ­ցե­լած հրեայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը վե­րա­պա­հու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցան նաեւ Իս­րա­յէ­լի կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին զէնք վա­ճա­ռե­լուն։

 

 

 

 

Շաբաթ, Մայիս 7, 2016