ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱԼԷՊԸ…

Սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի այս փու­լի ա­մե­նէն խորհր­դան­շա­կան օ­րա­կար­գը Հա­լէպն է: Հա­լէ­պին տի­րա­պե­տե­լու կը ջա­նան Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին մաս­նա­կից գլխա­ւոր ե­րեք կող­մե­րը: Այ­սինքն Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ի գին ծանր կո­րուստ­նե­րու կը փոր­ձեն ներ­կա­յա­նալ որ­պէս ամ­բող­ջա­կան եւ ան­փո­խա­րի­նե­լի ուժ: Երկ­րորդ կող­մը՝ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին մաս­նա­կից եւ Ա­րեւ­մուտ­քի բնու­թագ­րու­մով «չա­փա­ւո­րա­կան» ճանչ­ցուած ընդ­դի­մա­դիր միա­ւո­րում­ներն են, ո­րոնց ա­նու­նով այ­սօր հիմ­նա­կան բան­բե­րը կը հան­դի­սա­նայ Սու­րիոյ նախ­կին վար­չա­պետ Ռիատ Հը­ժա­պ: Եր­րորդ եւ վեր­ջին կող­մը՝ ծայ­րա­յե­ղա­կան իս­լա­մա­մէտ խմբա­ւո­րում­ներն են, ո­րոնց յա­ռա­ջա­տա­րը «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ն է եւ ո­րուն դէմ ռազ­մե­րը ա­մէն կող­մէ կը շա­րու­նա­կուին, հա­կա­ռակ Հա­լէ­պի, Դա­մաս­կո­սի եւ Լա­թա­քիոյ մէջ յայ­տա­րա­րուած հրա­դա­դա­րին: Ինչ­պէս կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն, այն­պէս ալ «չա­փա­ւո­րա­կան» խմբա­ւո­րում­նե­րուն հա­մար Հա­լէ­պը քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւոր խա­ղա­քարտ մըն է: Խա­ղա­քարտ է մա­նա­ւանդ Ժը­նե­ւի մէջ կի­սատ մնա­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն: Տե­ղին է նշել, որ կէս մնա­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին Մա­յի­սի 18-ին, ան­շուշտ ե­թէ գետ­նի վրայ նոր կա­ցու­թիւն ստեղ­ծող զար­գա­ցում­ներ չըլ­լան:

Ե­րեք օր ա­ռաջ Սու­րիոյ մէջ վե­րա­հաս­տա­տուած հրա­դա­դա­րը, որ նախ­նա­կան տուեալ­նե­րով պի­տի ընդգր­կէր միայն Դա­մաս­կոսն ու Լա­թա­քիան, պի­տի ընդգր­կէր նաեւ Հա­լէ­պը: Սու­րիոյ հար­ցե­րով ՄԱԿ-ի յա­տուկ պա­տուի­րա­կը ա­րա­գօ­րէն լայ­նա­ծա­ւալ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կ­­՚ի­րա­կա­նաց­նէր եւ ընդ­դի­մա­դիր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հետ հան­դի­պած պա­հուն կը յայտ­նէր, թէ լուրջ մտա­վա­խու­թիւն­ներ կան, թէ ե­թէ Հա­լէ­պի մէջ կրակ­մար չըլ­լայ, ա­պա չորս հա­րիւր հա­զար սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­ներ պի­տի ուղ­ղուին դէ­պի Թուր­քիա, այդ­պէ­սով փախս­տա­կան­նե­րու խնդի­րը ա­ւե­լի բար­դաց­նե­լով: Բա­ցի այդ խնդրէն կար նաեւ մարդ­կա­յին ծանր վի­ճա­կը, որ ստեղ­ծուած էր Հա­լէ­պի տար­բեր շրջան­նե­րուն վրայ: Հինգ հի­ւան­դա­նոց­ներ ծանր հրթի­ռա­րձա­կում­նե­րու են­թար­կուած էին, ու ա­նոնց­մէ «Ալ Թա­պիք» ա­նու­նը կրող կնո­ջա­կան հի­ւան­դա­նո­ցէն ներս զո­հե­րուն թի­ւը կը հաս­նէր շուրջ քսան­հին­գի: Իսկ Հա­լէ­պի տար­բեր հա­տուած­նե­րուն մէջ ե­ռօ­րեայ հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով կը զո­հուէին մար­դիկ, ո­րոնց մէջ կա­յին կի­ներ ու ե­րա­խա­ներ: Այս բո­լոր տուեալ­նե­րը բնա­կան է, որ քննարկ­ման ա­ռար­կայ կը դառ­նա­յին ՄԱԿ-ի Ա­պա­հո­վու­թեան խոր­հուր­դին առ­ջեւ: Քննար­կում­նե­րէն ան­դին ռուս եւ ա­մե­րի­կա­ցի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը միաս­նա­կան ճի­գեր ի­րա­կա­նաց­նե­լով կը յա­ջողց­նէին վե­րա­հաս­տա­տել փխրուն վի­ճա­կի մը մէջ յայտ­նուած հրա­դա­դա­րը: Ժը­նե­ւի մէջ ե­ղած քննար­կում­նե­րէն ան­մի­ջա­պէս ետք յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս գա­լով Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով կը յայ­տա­րա­րէր, որ Պե­շար Է­սատ ի­րենց դաշ­նա­կի­ցը չէ եւ ի­րենք Սու­րիոյ նա­խա­գա­հին նե­ցուկ կը հան­դի­սա­նան, ա­նոր ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ մղած պայ­քա­րին զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու հա­մար: Նման ո­րա­կի յայ­տա­րա­րու­թիւն մը շփոթ ստեղ­ծե­լու բո­լոր հիմ­նադ­րոյթ­նե­րը ու­նի: Լաւ­րո­վի այս խօս­քը կա­րե­լի է վեր­լու­ծել տար­բեր տե­սան­կիւն­նե­րէ մեկ­նե­լով եւ մօ­տե­ցու­մը նկա­տել պատ­գա­մի հա­մա­զօր նե­րուժ ու­նե­ցող խօս­ք մը: Ի՞նչ կը թե­լադ­րէր Սէր­կէյ Լաւ­րով: Ա­ւե­լի՛ն. ի՞ն­չու այս հանգ­րուա­նին հան­րու­թեան ը­սել, որ Պե­շար Է­սա­տ դաշ­նա­կից մը չէ: Սու­րիա­կան կող­մին հա­մար շան­թա­ժի ուժգ­նու­թիւն ու­նե­ցող այս խօս­քը մին­չեւ այս պա­հը կը մնար ան­տես­ման ա­ռար­կայ: Միւս կող­մէ, Լաւ­րո­վի այս շփոթ ստեղ­ծող յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կրնար նոր փու­լի մը մա­սին ա­ռա­ջին խօս­քը ըլ­լալ: Կամ ալ մի­տում մը, ո­րուն մէջ կայ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն ո­րոշ թե­լադ­րանք­ներ տա­լու նպա­տակ: Այս բո­լո­րէն բա­ցի պէտք է նաեւ նկա­տել, որ ռու­սա­կան կող­մը Սու­րիոյ խնդրով բա­նակ­ցող ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն մա­սին ոչ մէկ ան­գամ ժխտա­կան շեշ­տադ­րում­ներ կը կա­տա­րէ: Ա­ւե­լի՛ն. Մոս­կուա գրաւ կը դնէ սիւն­նի տար­րին վրայ եւ կը ջա­նայ ամ­րագ­րել այն մօ­տե­ցու­մը, ըստ ո­րուն ա­ռանց սիւն­նի տար­րին գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թեան ան­կա­րե­լի է Սու­րիոյ տագ­նա­պին քա­ղա­քա­կան ել­քեր գտնե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը:

Վե­րա­դառ­նա­լով Հա­լէ­պի ընդ­հա­նուր դրու­թեան՝ կա­րե­լի է ը­սել, որ վեր­ջին ցնցու­մը, ո­րուն են­թար­կուե­ցաւ Հա­լէ­պը, անս­պա­սե­լի էր: Մա­նա­ւանդ ա­միս­ներ ա­ռաջ ռու­սա­կան ու­ժե­րու մի­ջամ­տու­թեան օ­րե­րուն, երբ բո­լոր կող­մե­րը հա­մո­զուած էին, որ Սու­րիոյ բա­նա­կը ա­մէն գնով իր տի­րա­պե­տու­թեան տակ պի­տի առ­նէ Հա­լէ­պի բո­լոր հա­տուած­նե­րը: Այդ ծրա­գի­րը մե­տա­սա­նե­րորդ պա­հուն կը ձա­խո­ղէր ու ա­ւե­լի ճիշդ ը­սե­լու հա­մար կ­­՚առ­կա­խուէր: Ան­կա­սե­լի ըն­թաց­քով զի­նուո­րա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց գրան­ցող Սու­րիոյ բա­նա­կը յան­կարծ կը դադ­րէր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի իր դիր­քե­րէն եւ կը վե­րա­դառ­նար խրա­մատ­ներ փո­րե­լու եւ սպա­սե­լու հին խա­ղին: Այս բո­լո­րին դի­մաց է­սա­տեան վար­չա­կար­գին լռու­թիւ­նը ա­ւե­լի ծանր կը կշռէր Հա­լէ­պի մէջ ի­րենց կեան­քը շա­րու­նա­կել փոր­ձող բնակ­չու­թեան հա­մար, ո­րուն վեր­ջին յոյ­սը ան­շուշտ ռու­սա­կան բա­նա­կին պատ­րաս­տած նա­խագ­ծին նախ գոր­ծի դրուի­լը ու ա­պա այդ ծրագ­րին յա­ջո­ղու­թիւնն էր:

 Այս շրջա­գի­ծին մէջ դէպ­քե­րը նաեւ կը հաս­տա­տէին, որ Մոս­կուա եւ Ո­ւա­շինկ­թըն վճռած են, որ Սու­րիոյ մէջ ոչ մէկ կողմ զգլխիչ ա­ռա­ւե­լու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ: Այ­սինքն իշ­խա­նու­թեան հա­մար, ու հա­ւա­սա­րա­պէս ընդ­դի­մադ­իր ու­ժե­րուն հա­մար ար­գի­լուած էր խա­ղա­կարգ փո­խող յա­ռա­ջըն­թաց գրան­ցել: Այս ձե­ւա­չա­փը մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կուի, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ խա­ղին մաս­նա­կից կող­մե­րը տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով կը փոր­ձեն ի­րենց խա­ղադ­րոյ­քը կի­րա­ռել: Այս մօ­տեց­ման մէջ կա­րե­ւոր ճի­գեր կ՚ի­րա­կանաց­նեն սիւն­նի զի­նեալ­նե­րու թիւ մէկ ա­ջա­կից հան­դի­սա­ցող Ռիա­տը, ո­րուն ծրա­գիր­նե­րը սա­կայն կը հան­դի­պին ձա­խո­ղու­թիւն­նե­րու:

Նոյ­նը կա­րե­լի չէ ը­սել Ի­րա­նի հա­մար: Թեհ­րան վեր­ջին օ­րե­րու քննար­կում­նե­րուն մէջ մե­ծա­գոյն բա­ցա­կան է: Ճիշդ է, որ Ի­րա­նի ան­մի­ջա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լահ»ի ջո­կատ­ներ կը շա­րու­նա­կեն Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն նե­ցուկ եւ յե­նա­րան դառ­նալ, բայց եւ այն­պէս քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ Թեհ­րա­նի կող­մէ ան­հասկ­նա­լի լռու­թիւն մը կայ: Այս լռու­թիւ­նը կա­րե­լի է վե­րագ­րել Ի­րա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն երկ­րի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Ա­լի Խա­մա­նէ­յի կողմ­նա­կից­նե­րուն կրած պար­տու­թեան, բայց եւ այն­պէս Խա­մա­նէ­յ կը շա­րու­նա­կէ մօ­տէն հե­տե­ւի­լ ընդ­հա­նուր զար­գա­ցում­նե­րուն եւ այդ նպա­տա­կով Պէյ­րութ կ­­՚ուղ­ղար­կէ իր յա­տուկ բա­նագ­նա­ցը՝ Ա­լի Աք­պար Ո­ւի­լա­յա­թին: Մինչ պէյ­րու­թեան աղ­բիւր­ներ կը հա­ղոր­դէին, որ Ո­ւի­լա­յա­թի հան­դի­պում կ՚ու­նե­նար «Հիզ­պուլ­լահ»ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Հա­սան Նաս­րալ­լա­յի հետ, ան­դին չէր յայ­տա­րա­րուեր այ­ցե­լու­թեան նպա­տա­կը:

Այս տուեալ­նե­րէն բա­ցի ա­մե­րի­կեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ծանր քննա­դա­տու­թեան թի­րախ կը դառ­նար Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի Հա­լէ­պի ճա­կա­տա­մար­տը մին­չեւ վերջ մղե­լու եւ հոն յաղ­թա­նակ տա­նե­լու մա­սին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը: Այս յայ­տա­տա­րու­թիւ­նը որ­քան ալ անս­պա­սե­լի ըլ­լար՝ տրա­մա­բա­նա­կան էր, ո­րով­հե­տեւ Սու­րիոյ բա­նա­կի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու մը յայ­տա­րա­րած էր, թէ ի­րենց կող­մէ ըն­դու­նուած հրա­դա­դա­րը միայն 48 ժա­մուան հա­մար է:

Խօ­սե­լով Հա­լէ­պի հայ­կա­կան հա­մայն­քի մա­սին՝ տե­ղին է նշել, որ անց­նող տա­սը օ­րե­րը ե­ղան բա­ւա­կա­նին ծանր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար: Մինչ այդ կեն­ցա­ղա­յին բարդ խնդիր­ներ ու­նե­ցող հա­լէ­պա­հա­յու­թեան հա­մար կ՚ա­ւել­նար նաեւ ա­պա­հո­վա­կան մտա­հո­գու­թիւ­նը: Ծանր հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով կը զո­հուէին հա­յոր­դի­ներ: Հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը ստի­պուած կը փա­կէին ի­րենց դռնե­րը եւ կեան­քը գրե­թէ կ՚ան­դա­մա­լու­ծուէր: Այ­սօր երբ հրա­դա­դա­րը կը գոր­ծէ, քիչ չեն այն տե­սա­կէ­տը տա­րա­ծող­նե­ր, ո­րոնք գա­լիք օ­րե­րուն Հա­լէ­պէն հե­ռա­ցող­նե­րու նոր ա­լիք մը պի­տի յա­ռա­ջա­նայ: Կեան­քի եւ մա­հուան մի­ջեւ տա­տա­նող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար այ­սօր ա­ւե­լի քան ո­րե­ւէ ժա­մա­նակ ա­ռաջ­նա­յին խնդի­րը ա­պա­հո­վու­թիւնն է: Ու ա­մէն ա­ռի­թի երբ պա­տեր­զա­մի նոր փուլ մը կ՚ե­րե­ւի, ա­նոնց հա­մար ու­շա­ցած խա­ղա­ղու­թեան յոյ­սը մտա­ծել կու տայ, որ Հա­լէ­պի ա­պա­գան մութ է եւ ա­նո­րոշ:

Այս բո­լո­րէն ան­դին եր­կու կա­րե­ւոր հար­ցադ­րում­ներ ի­րենք զի­րենք կը պար­տադ­րեն այ­սօր: Որ­քա՞ն ճշմար­տա­ցի է, որ Սու­րիոյ բա­նա­կը նոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կե­լով պի­տի փոր­ձէ տի­րա­պե­տել ամ­բողջ Հա­լէ­պին: Երկ­րորդ՝ ար­դեօք Ժը­նե­ւի յա­ռա­ջի­կայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին պի­տի մշա­կուի՞ն նոր նա­խադ­րեալ­ներ, ո­րոնց հիմ­քը պի­տի ըլ­լայ փո­խանց­ման կա­ռա­վա­րու­թեան մը ստեղ­ծու­մը: Երբ փո­խանց­ման կա­ռա­վա­րու­թեան մա­սին կը խօ­սուի, Ա­րեւ­մուտ­քը ջա­տա­գո­ված կ­­՚ըլ­լայ ա­ռանց Է­սա­տի ան­ցու­մա­յին փու­լի մը սկսե­լու ա­ռա­ջար­կը եւ ար­դեօք Մոս­կուա պի­տի ըն­դու­նի՞ այդ ա­ռա­ջար­կը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Մայիս 7, 2016