ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը վեր­ջերս երկ­խօ­սու­թեան գոր­ծըն­կե­րոջ կար­գա­վի­ճակ ստա­ցաւ Շան­հա­յի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՇՀԿ) մօտ։ Հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րուե­ցաւ Փե­քի­նի մէջ՝ ՇՀԿ­-ի կեդ­րո­նէն ներս։ Փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ ՇՀԿ­-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ռա­շիտ Ա­լի­մով։

Ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը ու շեշ­տեց, թէ Հա­յաս­տան ՇՀԿ-ն կը դի­տար­կէ որ­պէս երկ­խօ­սու­թեան ծա­ւալ­ման կա­րե­ւոր հար­թակ։ Ըստ ի­րեն, ստո­րագ­րուած փաս­տա­թուղ­թը կը սահ­մա­նէ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շարք մը կա­րե­ւոր ուղ­ղու­թիւն­ներ. օ­րի­նակ՝ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան խթա­նու­մը, միաս­նա­կան ջան­քե­րը ա­հա­բեկ­չու­թեան, ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան, թմրա­նիւ­թե­րու, անդ­րազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րի մէջ։ Նալ­պան­տեա­նի խօս­քե­րով, ստո­րագ­րուած յու­շա­գի­րը ի­րա­ւա­կան հիմ­քեր կը ձե­ւա­ւո­րէ՝ որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նի եւ ՇՀԿ­-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ ի­րա­կա­նա­ցուի բազ­մա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն՝ ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու, ու­ժա­նիւ­թի եւ փո­խադ­րու­թեան, հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։

Իր կար­գին, ընդ­հա­նուր քար­տու­ղարն ալ կա­րե­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նի կող­մէ գոր­ծըն­կե­րոջ կար­գա­վի­ճա­կի ձեռք­բե­րու­մը, ընդգ­ծե­լով, որ ու­րա­խա­լի է Հա­յաս­տա­նի նման հնա­գոյն պատ­մու­թեան երկ­րի մը ՇՀԿ­-ի ըն­տա­նի­քէն ներս ընդգր­կուի­լը։

ՇՀԿ հիմ­նուած է 2001 թուա­կա­նին եւ ու­նի վեց լիի­րաւ ան­դամ, ո­րոնք են Չի­նաս­տան, Ռու­սաս­տան, Ղա­զա­խիս­տան, Խրղը­զիս­տան, Տա­ճի­կիս­տան եւ Էօզ­պէ­քիս­տան։ 

Շաբաթ, Մայիս 7, 2016