ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑ
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսաստանի, Իրանի եւ Վրաստանի Ուժանիւթի նախարարութիւններուն միջեւ քառակողմ կարեւոր հանդիպում մը։ Հայաստանի Ուժանիւթի նախարար Լեւոն Եոլեան այս առթիւ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաքը, Իրանի Ուժանիւթի նախարար Համիթ Չիթչիանը եւ Վրաստանի Ուժանիւթի փոխ-նախարար Իլիա Էլոշվիլին։ Այս հանդիպման արդիւնքին ստորագրուեցաւ Հիւսիս-հարաւ ելեկտրական ուժանիւթի միջանցքի ձեւաւորման նախաձեռնութեան իրականացման նպատակով անհրաժեշտ ճանապարհային քարտէսը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ուժանիւթի փոխ-նախարար Արեգ Գալստեան յայտնեց, թէ ստորագրուած փաստաթուղթը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ կը սահմանէ կատարուելիքներուն ժամանակացոյցն ու կը ճշդէ պատասխանատուները։ Մինչեւ 2019 թուականը պատրաստ պիտի ըլլան ելեկտրահաղորդման գիծերը, որոնց մէկ մասին կառուցումը արդէն սկսած է, իսկ միւս մասի պարագային շինարարութիւնը պիտի սկսի մօտաւոր ապագային։ Այս նախաձեռնութիւնը ուժանիւթի ոլորտէն ներս պիտի ապահովէ տարածքային մակարդակով համագործակցութիւն։ Եթէ աշխատանքները ընթանան նախատեսուած հունին մէջ, ապա 2019 թուականէն սկսեալ պիտի օգտագործուին այս ելեկտրահաղորդման գիծերը։
Սոյն քառակողմ ծրագրով կը նախատեսուի շահագործման յանձնել Հայաստան-Վրաստան 500 քիլօվաթ ելեկտրահաղորդման գիծն ու հաստատուն հոսանքի ներդիրով ենթակայանը։ Մինչեւ վերոյիշեալ ժամկէտը կը նախատեսուի նաեւ շահագործման յանձնել Իրան-Հայաստան 400 քիլօվաթ հզօրութեամբ ելեկտրահաղորդման երկշղթայ գիծը։ Այս նոր ծրագիրը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ, որպէսզի երկու երկիրներուն միջեւ ելեկտրական ուժանիւթի փոխադարձ հոսքերը հասնին մինչեւ 1200 մեկավաթ հզօրութեան մակարդակի։
Արեգ Գալստեան մատնանշեց, որ Հիւսիս-հարաւ ելեկտրական ուժանիւթի միջանցքի ձեւաւորումը գրաւիչ պայմաններ պիտի ստեղծէ նաեւ մասնաւոր հատուածին տեսակէտէ։ Ըստ իրեն, կարեւոր է, որ այս չորս երկիրներն ալ շահագրգռուած են տարածքաշրջանային այդ շուկայի ձեւաւորումով։ Հայաստան ունի ելեկտրական ուժանիւթի յաւելեալ հզօրութիւններ, որոնք երկրի ներքին պահանջարկի բաւարարման համար անհրաժեշտէն աւելին են։
Միւս կողմէ, Երեւանի այս ժողովին յաջորդած շրջանին յայտնի դարձաւ նաեւ, թէ Իրան-Հայաստան ելեկտրահաղորդման գիծի կառուցման աշխատանքները պիտի իրականացուին «Սանիր» ընկերութեան կողմէ։