ԻՐԱՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՔԱՐԻՒՂԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՀԻՄՆԵՆ

Իրան եւ Ատրպէյճան կը պատրաստուին հիմնել քարիւղի համատեղ ընկերութիւն մը։ Կը հաղորդուի, որ այս ընկերութեան նպատակը պիտի ըլլայ արժեւորել Կասպից ծովու շարք մը քարիւղի եւ բնական կազի պաշարները։

Թեհրանէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ այս ընկերութիւնը պիտի ստեղծուի երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած համաձայնագրի մը ծիրէն ներս։ Այդ համաձայնագիրը ստորագրուած էր անցեալ Մարտին, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին։ Սոյն փաստաթուղթը կ՚ենթադրէ երկու երկիրներու կողմէ համատեղ նաւթի ընկերութեան մը ստեղծուիլը եւ հիմա արդէն եկած է այդ բանին  հերթը։

Իրանի քարիւղի պետական արտածումը հասած է օրական 2.6 միլիոն թոնի։ Այդ երկրի նաւթի արտածումներուն մէջ վերջին ամիսներուն կը նկատուի լուրջ վերելք։

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018