ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքէն, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը։ «Մխիթարը եւ մխիթարեանները. Քրիստոնէական լուսաւորութեան դպրանոցը» այս միջազգային գիտաժողովը կազմակերպուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր կառավարիչ Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքիեանի նախաձեռնութեամբ։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, այս միջազգային գիտաժողովին մասնակցութիւն բերին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն երկու միաբաններ, որոնք հանդէս եկան զեկուցումներով։ Այսպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վարդապետ Անանեան եւ Եկեղեցական-ժողովական գրասենեակի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վարդապետ Բաղումեան Վենետիկի մէջ հանդէս եկան շահեկան ելոյթներով։

Տ. Շահէ Ծ. Վարդապետ Անանեան խօսեցաւ եւրոպական կաթոլիկ աստուածաբանական աւանդութեան Մխիթարեան հայրերուն կողմէ կատարուած հայերէնէ թարգմանութիւններով բերած նպաստին մասին, ինչ որ մշակութային ֆենոմէն մը կը համարուի։ Իսկ Տ. Զաքարիա Ծ. Վարդապետ Բաղումեան ներկայացուց հետեւեալ խորագրով զեկուցում մը. «Հայր Միքայէլ Վարդապետ  Չամչեանը անապակ բաժակի Հայոց Եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութեան ջատագով»։

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018