ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խըմ-բագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Կրետէ կղզիէն.-

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կ՚աւարտէ իր հովուապետական այցելութիւնը դէպի Կրետէ կղզի։ Ս. Յովհաննու Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեայ յոբելեանին առթիւ տեղի ունեցաւ այս հովուապետական այցելութիւնը։ Սա իսկապէս անմոռանալի ու պատմական այցելութիւն մը դարձաւ։ Կրետէ կղզիի մէջ վերջին օրերուն ամբողջ ժողովուրդի ուշադրութեան առարկայ դարձաւ տեղւոյն հայկական գողտրիկ եկեղեցւոյ յոբելեանը։

Հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, երէկ, Վեհափառ Հայրապետը Հերակլիոնի մէջ հիւրընկալուեցաւ Կրետէի Իրինէոս Արքեպիսկոպոսին կողմէ։ Օրուայ սկիզբին Նորին Սրբութիւնը եւ շքախումբի անդամները առաջնորդուեցան Կրետէի Ս. Մինաս Մայր տաճարը։ Նախ արքեպիսկոպոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Իրինէոս Արքեպիսկոպոս ջերմ սիրոյ եւ խոր յարգանքի մթնոլորտին մէջ հիւրընկալեց Հայոց Հայրապետը։ Ներկայ էր նաեւ Կրետէի նահանգապետ Սթաւրոս Առնաութաքիս։ Հիւրընկալ արքեպիսկոպոսը, Վեհափառ Հայրապետը եւ նահանգապետ Առնաութաքիս հանդէս եկան ճառերով։ Տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Իրինէոս Արքեպիսկոպոս պահ մը աղօթեցին Կրետէի առաջնորդարանի փոքրիկ մատրան մէջ։ Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը առաջնորդուեցաւ Ս. Մինաս Մայր տաճարը։ Սա Կրետէի առաջնորդանիստ եկեղեցին է, ուր Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ միաբաններու կողմէ։ Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն։ Նորին Սրբութիւնը տեղեկութիւններ քաղեց եկեղեցւոյ պատմութեան եւ այնտեղ պահուած Ս. Մինասի մասունքներուն շուրջ։ Նկատի ունենալով, որ Ս. Յարութեան տօնի շրջանն է, հայ եւ յոյն եկեղեցականները միասնաբար սուրբզատկուան շարական երգեցին Ս. Մինաս եկեղեցիէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը եւ շքախումբի անդամները շրջեցան նաեւ Մայր տաճարի հարեւանութեամբ գտնուող թանգարանը։

Այս փուլէն վերջ Կրետէի Իրինէոս Արքեպիսկոպոսը, յոյն հոգեւորականներ Վեհափառ Հայրապետն ու շքախումբը առաջնորդեցին Էփանոսիֆի վանքը, որ Կրետէի հնագոյն սրբավայրերէն մին կը հանդիսանայ։ Հերակլիոնի կեդրոնէն աւելի քան 30 քմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր այս սրբավայրը, որ բնութեան ծոցին մէջ պարփակուած, իսկապէս խորհրդաւոր մթնոլորտ մը ունէր։ Վանական համալիրի տաճարէն ներս տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն։ Վեհափառ Հայրապետը շրջայց մը կատարեց համալիրէն ներս, ուր կը գտնուէր նաեւ փոքրիկ աւանդատուն-թանգարան մը։ Նորին Սրբութեան տեղեկութիւններ փոխանցուեցան վանաբնակներու առօրեային եւ գործունէութեան շուրջ։ Միաբանական սեղանատան մէջ կէսօրին ճաշ մըն ալ սարքուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին ի պատիւ։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը օրհնեց սեղանը եւ բոլոր ներկաներուն բաշխեց իր օրհնութիւնը։

Երեկոյեան Կրետէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամները Վեհափառ Հայրապետը եւ շքախումբի անդամները հիւրասիրեցին ընթրիքի սեղանի մը շուրջ։ Այս առթիւ Նորին Սրբութեան գնահատանքին արժանացան Կրետէի կարգ մը երէց հայերը, որոնք անցեալի մէջ նուիրեալ ծառայութիւն բերած են եկեղեցւոյ։ Ընթրիքէն վերջ, Նորին Սրբութիւնը խորհրդակցութիւն մըն ալ ունեցաւ ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ իր շքախումբի անդամները այսօր յետմիջօրէին արդէն հրաժեշտ առած կ՚ըլլան Կրետէ կղզիէն։

Մինչ այդ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, իրեն ընկերակից Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, ինչպէս նաեւ Կրետէ մեկնած պոլսահայ ուխտաւորներու խումբն ալ այսօր երեկոյեան ժամերուն կը վերադառնան քաղաքս։

Երեքշաբթի, Մայիս 7, 2019