ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի Մատենադարանի ղեկավարութեան հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Մատենադարանի միջազգայնացման եւ տարածքաշրջանային նշանակութեան բարձրացման ուղղեալ ծրագիրները։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանին ներկայացան Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, տնօրէնի գիտական գծով տեղակալ Կարէն Մատթէոսեան, գիտական քարտուղար Վահէ Թորոսեան եւ միջազգային կապերու բաժնի վարիչ Վարդի Քեշիշեան։

Զրուցակիցները քննարկեցին Մատենադարանի հեռանկարային զարգացման եւ միջազգային համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Մատենադարանի գործունէութեան միջազգային ու տարածքաշրջանային նշանակութեան բարձրացման ուղղեալ ծրագիրներուն՝ մանաւանդ, որ Արմէն Սարգսեան վերջին շրջանին իր զանազան միջազգային շփումներուն ժամանակ օրակարգի վրայ բերած էր Մատենադարանի վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան Արմէն Սարգսեանի հետ տեսակցելէ վերջ յայտնեց, որ բոլոր ծրագիրները տակաւին հասունացման փուլի մէջ կը գտնուին եւ այդ սկզբունքային մօտեցումներուն հիման վրայ շուտով արդէն աւելի շօշափելի քայլերու պիտի ձեռնարկուին։

Երեքշաբթի, Մայիս 7, 2019