ՅՈՒՆԻՍԻ 23-ԻՆ ԴԱՐՁԵԱԼ

Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը երէկ երեկոյեան ժամերուն յայտարարեց, որ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութիւնը ջնջուած է եւ քուէարկութիւնը պիտի կրկնուի յառաջիկայ 23 յունիսին։

Ինչպէս ծանօթ է, մարտի 31-ին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան արդիւնքին Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան հարցին շուրջ խնդրայարոյց, վիճայարոյց կացութիւն մը ստեղծուած էր։ Գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կողմէ թեկնածու առաջադրուած Էքրէմ Իմամօղլու քուէներու բաւականին չնչին տարբերութեամբ առաւելութեան հասած էր ԱՔ կուսակցութեան կողմէ թեկնածու առաջադրուած Պինալի Եըլտըրըմի դիմաց։ Ընտրութեան արդիւնքները հրապարակուած էին բաւականին ուշ եւ զուգահեռաբար սկսած էին վիճարկման, վերահաշուարկման գործընթացներ։ Այդ բոլոր խնդիրները անցեալ ժամանակաշրջանին յամառօրէն հետապնդուեցան ԱՔ կուսակցութեան կողմէ, որու օրակարգի վրայ բերած խնդրայարոյց հանգամանքները երկար ժամանակէ ի վեր կը քննարկուէին Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին կողմէ։ Այդ բոլորի լոյսին տակ երէկ հրապարակուեցաւ խորհուրդի վճիռը, ըստ որու Իսթանպուլի մէջ գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութիւնը պէտք է վերանորոգուի։ Այժմ, յառաջիկայ ամսուան աւարտին պիտի կրկնուի Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութիւնը։

Երեքշաբթի, Մայիս 7, 2019