ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալ Ճորճ Քենթի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ճորճ Քենթ տեսակցեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ շահաւէտ գործընկերութեան խորացման վերաբերեալ հարցեր։ Ճորճ Քենթ նշեց, որ ամերիկեան կողմը կ՚ողջունէ Հայաստանի ժողովրդավարութեան զարգացման, տնտեսական յառաջընթացի, ինչպէս նաեւ զանազան ուղղութիւններով քայլերը եւ պատրաստ է աջակցիլ կառավարութեան բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Ճորճ Քենթ կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, տարածքաշրջանային մարտահրաւէրներու եւ գործընթացներու շուրջ։

Հարկ է նշել, որ այսօր Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-ԱՄՆ Միջկառավարական յանձնաժողովի ռազմավարական երկխօսութեան նիստը։ Նիկոլ Փաշինեան երէկուան հանդիպման ընթացքին յաջողութիւն մաղթեց այս ժողովին համար։

Երեքշաբթի, Մայիս 7, 2019