ՃԱՐՊԻԿ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՃՊԱՐԱՐՆԵՐ

(…) Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ի թիւս այլ խրոխտ բացագանչութիւններու, յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն չ՚ըլլար։

Ընդդիմադիրներէն ոմանք սա հասկցան (կամ ձեւացուցին, թէ հասկցան) այնպէս, թէ վարչապետը ըսաւ, որ ան երբեք իշխանութիւնը չի յանձներ ու պիտի իշխէ ցմահ։ Վստահ եմ, թէ այդպէս իսկ է Փաշինեանի ցանկութիւնը. ան կ՚երթայ բոլոր հնարաւոր եւ անհնարին քայլերուն (այդ կարգին քաղաքացիական բախումներ կը հրահրէ), միայն թէ իր իշխանութիւնը չզիջի ոեւէ մէկուն։ Եւ պատճառն ալ պարզ է. ինչպէս ան կը հետապնդէ նախորդ իշխանութեան ներկայացուցիչները, այնպէս ալ՝ տասնապատիկ եւ աւելի դաժան ձեւով որեւէ յաջորդ իշխանութիւնը պիտի հետապնդէ զինքը եւ իր քանի մը լծակիցները։ Գործող ղեկավարին անվտանգութեան եւ չհետապնդելու երաշխիքներ տալը ճիշդ է (կը հասկնամ, թէ վրէժխնդրութեան յոյզերով ապրողներուն դիւր պիտի չգայ այս բանը), որովհետեւ հակառակ պարագային ան ատամներով պիտի կառչի իր աթոռներէն գիտնալով, թէ իրեն ինչ կը սպասէ։

Բայց յստակ այս ելոյթին մէջ վարչապետը նկատի ունէր ուրիշ բան մը։ Ըստ իրեն, 2018 թուականէն ի վեր Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին եւ, հետեւաբար, այդ իշխանութիւնը ժողովուրդի ձեռքէն հնարաւոր չէ խլել։ Ամբողջ խնդիրը այն է, որ այդ՝ «իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին» բանաձեւը (որ գրուած է մեր, ինչպէս նաեւ այլ բազմաթիւ երկիրներու սահմանադրութիւններուն մէջ) կեղծիք է եւ երեսպաշտութիւն։ Այդ բանաձեւը հնարած են եւ աւելի քան երեք դարէ ի վեր կը շահագործեն ճարպիկ քաղաքական աճպարարները՝ մարդոց վրայ իշխելու համար։ Անկախ այն բանէն, թէ ինչպէս ձեւաւորուած է իշխանութիւնը՝ արդար կամ անարդար ընտրութիւններով, ժառանգաբար, յեղափոխութեան կամ յեղաշրջման միջոցաւ, միեւնոյնն է՝ իշխանութիւնը երբեք եւ ոչ մէկ երկրի մէջ ժողովուրդին չէ պատկանած եւ չի պատ-կանիր։ Իշխանութիւնը կը պատկանի անոնց, որոնք պետութեան մէջ որոշումներ կ՚ընդունին՝ վերնախաւին, եթէ կ՚ուզէք։ Ո՛չ թէ այն «կեղծ» կամ «անկեղծ» վերնախաւին, որու մասին վերջերս յաճախ կը խօսուի, այլեւ՝ իրական վերնախաւին։ «Իմքայլական» ոեւէ պատգամաւոր, անկախ իր մտաւոր ընդունակութիւններէն, կրնայ ազդել որոշումներու ընդունման վրայ (գոնէ քուէարկութեամբ), ես չեմ կրնար։ Հետեւաբար, ան վերնախաւ է, ես՝ ոչ։ Մինչեւ 2018 թուականը մենք ունեցած ենք փտած, յղփացած, ճարպակալած ուղեղներով վերնախաւ, հիմա ունինք տգէտ, անմեղսունակ, անպատասխանատու վերնախաւ։ Ո՞րն է աւելի աղիտաբեր, դուք դատեցէք։ Պարզապէս կայացած, յատկապէս խոշոր պետութիւններու մէջ ստեղծուած են որոշակի դրութիւններ, որոնք կ՚արգելակեն անպատասխանատու արկածախնդրութիւններու մուտքը իշխանութիւն։ Սա կապ չունի «ժողովուրդի իշխանութեան» հետ, խօսքը պարզապէս պետութեան «պաշտպանական դրութիւններու» մասին է։ Դուք կը պատկերացնէ՞ք, թէ ընդունուած չափանիշներով «ժողովրդավարական» ԱՄՆ-ի կամ նոյն չափանիշներով «ոչ-ժողովրդավարական» Ռուսաստանի եւ Չինաստանի իշխանութեան գլխին ըլլար Փաշինեանի նման մէկը։ Մարդկութիւնը հաստատ կը վերանար։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021