ՄՈՍԿՈՒԱ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ իր երկիրը հաւատարիմ կը մնայ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման Սերկէյ Լաւրով աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի կողմէ։ Առաւօտեան առանձնազրոյցէն վերջ, երկու նախարարները գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց աւարտին սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Արա Այվազեան եւ Սերկէյ Լաւրով Երեւանի մէջ այցելեցին նաեւ «Մայր Հայաստան» յուշարձանը, որու անմար կրակին առջեւ ծաղիկներ խոնարհեցին Բ. աշխարհամարտի զոհերու յիշատակին համար։ Սա այս աշխատանքային այցելութեան ուշագրաւ փուլերէն մին էր։ Արդարեւ, Լաւրով օրուայ սկիզբին արդէն այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ, սակայն, օրուան տեւողութեան նախարարները փութացին նաեւ «Մայր Հայաստան»ի մօտ՝ յուշարձան մը, որ ձօնուած է Բ. աշխարհամարտի մէջ տարուած յաղթանակին։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս ժառանգութեան թիրախաւորումով կը ջնջուին հայկական հետքերը։ Այս ամբողջին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ոչնչացուած են նաեւ յուշարձաններ, որոնք ձօնուած էին Բ. աշխարհամարտի մէջ տարուած յաղթանակին։ Ուստի, Այվազեանի եւ Լաւրովի երէկուան այս յարգանքի տուրքը ունէր իր առանձնայատուկ պատգամը։ Ռուս նախարարը օրուան տեւողութեան տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հայ-ռուսական բանակցութիւններուն ժամանակ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, յետպատերազմեան շրջանի իրադրութիւնով հանդերձ։ Լաւրով վստահութիւն յայտնեց, թէ մօտաւոր ապագային կարելի կ՚ըլլայ լուծել բոլոր գերիներու վերադարձի հարցը։ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է վերականգնել հաշտութեան գործընթացը՝ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման նպատակով։ Փաշինեանի հետ զրուցելու ժամանակ Լաւրով նշեց, որ Ռուսաստան յանձնառու է իր դաշնակցի՝ Հայաստանի անվտանութեան ապահովման։ «Այստեղ որեւէ կասկած չի կրնար ըլլալ», նշեց Լաւրով եւ աւելցուց, որ հայ-ռուսական համագործակցութիւնը հետեւողականօրէն կ՚իրականացուի բոլոր ուղղութիւններով՝ ներառեալ տնտեսութիւնը, քաղաքական կապերը, ռազմական եւ ռազմաթեքնիկ համագործակցութիւնը։

Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ մատնանշուեցաւ, որ բանակցութիւններուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Արցախէ ներս առկայ մարդասիրական խնդիրներուն։ Արա Այվազեան վերահաստատեց նաեւ հայկական կողմի դիրքորոշումը, ըստ որու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը հեռու է կարգաւորուած ըլլալէ։ Ասուլիսի ընթացքին եւս Լաւրով ընդգծեց, որ չեն նուազեցներ՝ բոլոր գերիներու վերադարձին ուղղեալ ջանքերը։ Անդրադառնալով հայ-ռուսական գործընկերութեան՝ Սերկէյ Լաւրով Երեւանի մէջ յայտնեց, թէ այդ մէկը այնքան լայն է, որ յաւելեալ ընդլայնում մը հնարաւոր չէ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սերկէյ Լաւրով Երեւանի մէջ յայտարարեց նաեւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման, սահմաններու յստակեցման վերաբերեալ հարցերը լուծման հունի մէջ են։ Վերջին օրերուն Հայաստանի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր յայտնած էին, որ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու իրաւական ամրագրում ներկայիս չ՚ընթանար։ Ռուս նախարարի այդ ֆոնին վրայ հնչած յայտարարութիւնները մեկնաբաններու կողմէ համարուեցան ուշագրաւ։

Սերկէյ Լաւրով անդրադարձաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի աշխատանքին։ Ըստ իրեն, այդ պահանջը գոյութիւն ունի՝ նախ եւ առաջ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման նպատակով։

«Տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակի բնականոնացման համար կարեւոր նպաստ կը բերէ տնտեսական կապերու եւ փոխադրութեան ուղիներու ապաշրջափակման ուղղեալ եռակողմանի աշխատանքային խումբը՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ։ Այդ աշխատանքի յաջողութիւնը վճռորոշ նշանակութիւն կ՚ունենայ հակամարտութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին ընդհանուր իրավիճակի բնականոնացման եւ ստեղծագործ համագործակցութեան սկզբնաւորման պայմաններու ձեւաւորման համար», յայտարարեց Սերկէյ Լաւրով, որու խօսքով, ռուսական կողմը շահագրգռուած է, որ Երեւանի, Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ ձեռքբերուած համաձայնութիւնները իրականացուին գործնականօրէն։ «Մեր խաղաղապահները ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի կարգաւորուին շփման գծի յստակեցման վերաբերեալ հարցերը», յայտնեց Լաւրով։

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ կողմերու օրակարգին վրայ է նաեւ ռուսական «Սփութնիք V» պատուաստանիւթի արտադրութեան սկսելու հարցը։ Այվազեան եւ Լաւրով երէկ ստորագրեցին նաեւ միջկառավարական յուշագիր մը, որով կը նախատեսուի կենսաբանական անվտանգութեան ապահովումը։

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021