Ուրբաթ 7, Փետրուար 2025
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Երեւանի Նորարար փորձարական արուեստի կեդրոնէն ներս երէկ բացուեցաւ՝ «Հրանդ Տինք. Հոս եւ հիմա» անուանումով ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հրանդ Տինքի նահատակութեան 15-րդ տարելիցին առթիւ պատրաստուած, իր կեանքը, գործունէութիւնն ու պայքարը ներկայացնող ցուցահանդէս մըն է այս մէկը։ Ծրագրի ուղեւորութիւնը կը սկսի Երեւանէն։ Ըստ էութեան, ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ներկայացուած է Հրանդ Տինքի «23,5» յուշավայրի քաղուածքը։
Ցուցահանդէսի բացման առթիւ երէկ Երեւանի մէջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկէն Տելալ Տինք, Մարալ Տինք, Թալին Սիւզմէ եւ Նայեատ Քարաքէօսէ։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ յուլիսի 31-ը։
Շաբաթ, Մայիս 7, 2022